«Թերթ».- ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան` անդրադառնալով Ազգային Ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Իգիթեանի յայտարարութեան, ուր վարչապետը յայտնած է, թէ հարց չի սեպեր, որ բանակցութեան Ալիեւի հետ գան նաեւ իրենց ԼՂ ատրպէյճանական համայնք համարող մարդիկ:
Վերջին շրջանին աշխուժութիւն նկատուած է Ղարաբաղի հիմնհահարցի բանակցային գործընթացը վերսկսելու եւ որոշ յառաջընթաց ակնկալելու առումով; Այս առիթով Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Դաւիթ Իշխանեան յատկանշական համարեց 2 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: «Անկեղծօրէն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հրապարակած սկզբունքները ամբողջացումն էին նախորդ տասնամեակներու ընդհանուր բանակցային գործընթացին: Անակնկալ էր ատրպէյճանական համայնքի ներգրաւուածութեան մասին լուրերու շրջանառումը եւ տեղեկատուական դաշտէն ներս համապատասխան տեղեկութիւններու հրապարակումը, որ իր մէջ լրջօրէն թէ՛ վտանգներ կը պարունակէ, թէ՛ նաեւ բանակցային գործընթացի մէջ արցախեան կողմի լիարժէք ներգրաւուածութեան հարցը հարցականի տակ կը դրուի», ըսաւ ան:
Դաւիթ Իշխանեան դիտել տուաւ, որ Արցախեան կողմի լիարժէք մասնակցութեան ձեւաչափի վերականգնման հարցւ 1997 թուականէն անընդհատ վեր կ’առնուի: «Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք, իշխանութիւնները օրակարգ բերին այդ հարցը, որ աշխուժութիւն յառաջացուց Արցախի իշխանական շրջանակներուն մէջ: Այնուհանդերձ այսպէս կոչուած ղարաբաղա-ատրպէյճանական համայնքի ներգրաւուածութիւնը բանակցային գործընթացը իր մէջ կը պարունակէ շատ լուրջ մտահոգութիւններ, թերեւս մենք կը խօսինք «սուբյեկտի» (ենթակայութեան «Գ․») մասին, որ իրականութեան մէջ արհեստածին է եւ գոյութիւն չունի», ըսաւ ան:
Դաւիթ Իշխանեան դիտել տուաւ, որ պէտք է իրականութիւնը, կարելիութիւնները ճիշտ գնահատել եւ, ընդհանուր ռազմավարութիւն ունենալով հանդերձ, մարտավարական քայլերու ձեռնարկել: «Ես կը կարծեմ, որ պէտք է ունենանք մեր յստակ ռազմավարութիւնը եւ այդ ռազմավարութեան մէջ մեր մարտավարական քայլերը: Ես Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէն կը տեսնեմ ընթացած բանակցային գործընթացին միտուած եւ Ղարաբաղի հիմնահարցին հետ կապուած տարբեր յայտարարութիւններ, ընդհանուր հայեցակարգի բացակայութիւն», ըսաւ ան: