Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ իտալական Rai news 24 պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ: Հարցազրոյցը պիտի սփռուէր Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ին, սակայն անհասկնալի պատճառներով իտալական պատկերասփիւռը չսփռեց զայն:
 Հարցազրոյցի ընթացքին Ասատ յայտնեց, որ Եւրոպա, ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ կողքին, ահաբեկիչներուն աջակից հանդիսանալով գլխաւոր դեր ունեցան Սուրիոյ մէջ քաոսի ստեղծման եւ բնակչութեան տեղահանման մէջ:
Ասատ անդրադառնալով քիմիականի թղթածրարին յայտնեց, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Սուրիան հաստատեց, որ սուրիական բանակին մօտ քիմիական զէնքեր չեն գտնուիր: Քիմիական Զէնքերու Կանխարգիլման Կազմակերպութեան զեկոյցները փաստեցին, որ Սուրիան ճշմարտախօս էր եւ իրապէս քիմիական զէնք չէր օգտագործած:
Ասատ շեշտեց, որ աւելի ուշ Քիմիական Զէնքերու Կանխարգիլման Կազմակերպութիւնը աղաւաղեց զեկոյցը պարզապէս, որովհետեւ ամերիկացիները այդպէս հրամայեցին: Կազմակերպութիւնը այս արարքով փաստեց իր քաղաքականացած ու կողմնակալ մօտեցումը:
Ասատ կոչ ուղղեց բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք միջամուխ կ’ըլլան Սուրիոյ ներքին հարցերուն, վերջ տալ իրենց այս ընթացքին եւ գործել միջազգային օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն համաձայն, ինչ որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ: