Չորեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Միլանի մօտ Ինծակօ քաղաքի «Տէ Անտրէ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ պատերազմին եւ փոքրամասնութիւններու իրավիճակին նուիրուած երեկոյ մը, որուն մասնակցեցաւ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի նախկին տեսուչ, Ս. Ղազար Մխիթարեան մայրավանքի պատասխանատու Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան։
Հայր սուրբը լուսանկարներով ներկայացուց Սուրիոյ մէջ զինեալներու, ահաբեկիչներու գործած աւերը, թալանը, կողոպուտը եւ ջարդը, դժբախտաբար Ծոցի եւ Արեւմուտքի որոշ երկիրներու մեկենասութեամբ եւ ի մասնաւորի Թուրքիոյ միջնորդութեամբ։
Ան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ պետութեան յանցագործութիւնն ու բացասական դերը Սուրիոյ աւերումին, երկրի թալանին, ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած ոճիրներուն, երկիրը քրիստոնեաներէն ու հայերէն դատարկելուն, քիւրտերը իր սահմաններէն հեռացնելուն եւ իսլամական ծայրայեղութիւնը տարածելու գործընթացին մէջ, ապա ըսաւ, որ մեծ պետութիւններ, օգտագործելով ծայրայեղականները, զինեալներ արտածեցին դէպի Սուրիա, որպէսզի երկիրը պառակտեն եւ իրենց շահերը ապահովեն այդ տարածաշրջանին մէջ։ Սուրիոյ բանակին եւ ռուս պետութեան միջամտութեան շնորհիւ կարելի դարձաւ գրաւուած շրջաններու մեծ մասը ազատագրել զինեալներէն։
Հայր Քէշիշեան դիտել տուաւ, որ արեւմուտքի լրատուամիջոցները, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանները խեղաթիւրուած ձեւով ներկայացուցին լուրերը իրենց լսարանին, ուստի ժողովուրդը սխալ կարծիք կազմեց Սուրիոյ պատերազմին, երկրին, անոր ժողովուրդին եւ պետականութեան մասին։
Ան անդրադարձաւ նաեւ այն պատժամիջոցներուն, զոր Արեւմուտքը սահմանած է երկրին դէմ, ծայր աստիճան աղքատութեան մատնելով ժողովուրդին մեծամասնութիւնը։
Հայր Համազասպ խօսեցաւ Քեսապի վրայ զինեալներու յարձակման, ժողովուրդի տեղահանութեան, ապա Քեսապի ազատագրումին եւ բնակչութեան վերադարձին, վերականգնումի եւ գոյատեւման տքնաջան գործի մասին։
Ապա ըսաւ, որ ցաւօք դուրսէն հրահրուած պատերազմը նօսրացուց Սուրիոյ քրիստոնեաներուն թիւը, նոյնպէս՝ հայերունը։
Վարդապետը իր մէկուկէս տարուան Հալէպի փորձառութիւնը պատմեց եւ ներկայացուց Հալէպի ժողովուրդը, հայ գաղութը, լուսարձակի տակ առնելով իրենց կրած աներեւակայելի դժուարութիւններն ու նեղութիւնները, վտանգն ու սպառնալիքները, ապա իրենց կառչածութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ օրինակելի կեցուածքը երկրին հանդէպ։ Ան մեծապէս գնահատեց Սուրիոյ համայնքապետներուն, կղերին, ազգային իշխանութիւններուն, մշակութային միութիւններուն եւ հաստատութիւններու պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդութեան նուիրումը՝ հաստատութիւնները պաշտպանելու, կրթական եւ մշակութային գործունէութիւնը վառ պահելու եւ նիւթապէս ու բարոյապէս զօրավիգ կանգնելու սուրիահայութեան ընդհանրապէս եւ հալէպահայութեան մասնաւորապէս։
Հայր սուրբը իր խօսքը եզրափակեց նախ ափսոսալով Եւրոպայի պետութիւններու անտարբերութեան Միջին Արեւելքի եւ քրիստոնեաներու կրած տառապանքին ու հալածանքին հանդէպ, կոչ ուղղելով դատապարտելու Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնը, հարցերը չդիտելու զուտ անձնական շահերէ մեկնելով, մտածելու Սուրիոյ ժողովուրդին անվտանգութեան ու ապագային մասին եւ գործելու խաղաղութեան վերահաստատման հեռանկարով։