Կարսի քաղաքապետարանի խորհուրդն ու Օսման Քավալայի «Անատոլու Քիւլթիւր» կեդրոնը համատեղ կազմակերպեցին «Քարի Ձօն՝ Անի» խորագրով ցուցահանդէս մը, որու առիթով Անիի աւերակներ այցելեց Ժողովուրդներու Ժողովրդավար Կուսակցութիւն հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան։
Անիի աւերակներ կատարած այցելութեան վերաբերեալ Փայլան գրառում մը ըրաւ դիմատետրի իր էջին վրայ, կցեալ զետեղելով նաեւ քանի մը լուսանկարներ։ Կարօ Փայլան գրեց հետեւեալը. «Այցելեցինք Կարս, Անի քաղաք։ Անին, հակառակ բոլոր ջանքերուն, տխուր է…։ Գետը, որ կը հոսի քաղաքի մօտէն, վերածեր են Թուրքիա-Հայաստան սահմանի։ Սահմանը 26 տարիէ ի վեր փակ է…։ Այն օրը, երբ պիտի վերակառուցենք այդ քանդուած կամուրջը, տօն պիտի ըլլայ Անի քաղաքին համար»։ 
Փայլան նաեւ այցելեց Կարսի քաղաքապետարան եւ հանդիպում ունեցաւ կուսակից համայնքապետներուն հետ։