Էրմէնիհապեր կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահական տեղեկատուական վարչութիւնը քայլ մը եւս առած է դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտում՝ ստեղծելով «1915.gov.tr» անունով անգլերէն կայք մը: Կայքին նպատակն է պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան հաստատման դէմ:
Կայքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման թրքական պետութեան դէզերը կը ներկայացուին: