«Տէր Սիրեցի Զվայելչութիւն Տան Քո» 
Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 4։30-ին Հալէպի Թիլէլ շրջանին մէջ գտնուող 179-ամեայ հայ կաթողիկէ Մայր Օգնութեանց աթոռանիստ եկեղեցւոյ ղօղանջները աւետեցին վերօծման ուրախ լուրը։ Թափօրը ընթացք առաւ եկեղեցւոյ շրջափակէն, դռնբացէքի յատուկ արարողութեան, ապա ուղղուեցաւ դէպի խորան, Արհի. Տ. Պետրոս Արք.Միրիաթեանի գլխաւորութեամբ։
Արարողութեան ներկայ էին Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան, Ֆրաչիսքոս Պապ Սրբազան Քահանայապետի Սուրիոյ ներկայացուցիչ Դեսպան Մարիօ Զենալի, համայնքապետներ, եպիսկոպոսներ, տարբեր քաղաքներէ ժամանած վարդապետներ, քահանայ հայրեր, արաքինազարդ քոյրեր, Հալէպի երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, գաղութիս մարզական, կրթական, եկեղեցական, մշակութային, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալ հիւրեր եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնը սկսաւ խորանի խաչերու, մոմակալներու, խնկամաններու եւ պատարագի ընթացքին գործածուող բոլոր սպասներու օրհնութեամբ, ընթացքին ընթերցուեցան աւետարանէն հատուածներ, հայերէն եւ արաբերէն, ներկայ կրօնաւորներուն կողմէ։ Ապա գերապայծառ տէրը վերօծման արարողութիւնը սկսաւ եկեղեցւոյ մայր Աստուածամօր խորհանէն, որուն յաջորդեց ձախակողմեան (Ս. Յովսէփ) եւ աջակողմեան (Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ) խորհաններու վերօծումը։ Ուշագրաւ էին եկեղեցւոյ մէջ գտնող չորս սիւները, որոնք նուիրուած էին չորս աւետարանիչներուն՝ Ս. Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի, Յովհանու: Յաջորդաբար օրհնուեցան եւ միւրոնով օծուեցան ինչպէս նաեւ վերասրբուեցան եկեղեցւոյ մկրտարանը եւ աջ կողմը կառուցուած (1840) Սիրտ Յիսուսի խորանը, որ 1925-ին բարենորոգուած է իտալական մարմարներով եւ Ֆրանսայէն բերուած Ս. Սիրտ Յիսուսի գեղեցիկ արձանը, որուն ներքեւ կը գտնուի Հալէպի վախճանեալ առաջնորդներուն դամբարանը։
Արհի. Տէր Պետրոս Արք.Միրիաթեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Բարեխնամ Աստուած ինքն էր որ օրհնեց եւ ուղղեց մեր քայլը դէպի վերանորոգումի աշխատանք։ Յիշողութեանս մէջ թարմ է 5, Նոյեմբեր 2018 թուականը, երբ նախաձեռնեցինք վերաշինութեան աշխատանքի մեկնարկը, աղօթք բարձրացուցինք եկեղեցւոյ փլատակ դասուն մէջ եւ այսօր արդէն, Աստուծոյ հրամանով, աւարտին հասաւ ու վերաբացուեցաւ եկեղեցին»։ 
Աւարտին գերապայծառը իր խորին շնորհակալութիւնը յատնեց այն հաստատութիւններուն եւ անհատ բարերարներուն, որոնք քաջալերեցին եւ նեցուկ կանգնեցան կատարելագործելու վերաշինութեան ծրագիրը: Արհի. Տէրը մեծապէս շնորհակալութիւն յատնեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին՝ իր ներդումին համար, ինչպէս նաեւ ACN եւ MISSIO ընկերակցութեան, Գերմանիոյ Գոլնի եւ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքներու թեմերուն, Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան ճեմարանին, Ս. Վլասի հայկական եկեղեցիին, Հռոմի առաքելական փոխանորդութեան, SՕS CHRETINTS, DþORIENT եւ L’OEUVRE D’ORIENT ընկերակցութիւններուն, Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին եւ SANT EGIDIO ընկերակցութեան։
Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցիչ դեսպան Կարտինալ Մարիօ Զենալի իր գոհունակութիւնը եւ ուրախութեան խօսքը արտասանեց իտալերէն լեզուով, արաբերէնի թարգմանութեամբ հայր Իպրահիմ Սապպաղի։ Հայր Ներսէս Զապարա արաբերէնով ընթերցեց Ֆրանչիսքոս Պապին ուղարկած նամակը: Ֆրանսայի թեմի նախկին առաջնորդ Արհի. Տ. Յովհաննէս Եպս. Թէրուզեան ընթերցեց Տանն Կիլիկիոյ Գրիգոր Պետրոս. Ի. Կաթողիկոսին նամակը, որ կամքէ անկախ պատճառներով ներկայ չէր:
 Արհի. Տ. Պետրոս Արք.Միրիաթեան խորհրդաւոր յուշանուէրներ յանձնեց բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներուն եւ շնորհակալութիւն յատնեց բոլոր անոնց, որոնք ընդառաջեցին հրաւէրին եւ մասնակից դարձան ուրախութեան։
Արարողութիւնը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով։ Արհի. Տէրը այնուհետեւ առաջնորդարանի դահլիճին մէջ շնորհաւորութիւններ ընդունեց։
Ժիրայր Կարապետեան