Վարուժան, ի վերջոյ, որոշեց հեռանալ գաւառէն ու հաստատուիլ Պոլիս։

   Եւդոկիայէն՝ Թէոդիկի ուղղեալ նամակի մը մէջ ան կը գրէր որ «յիրաւի, հայրենախտէն վերջ, մարդ կրնայ եղեր վոսփորախտ ալ ունենալ՝ Եղիային պէս» (կ’ակնարկէ տարաբախտ բանաստեղծ Եղիա Տէմիրճիպաշեանին)։

   Եւ ուրեմն, 1912-ի ամռան, Վարուժան ընտանեօք փոխադրուեցաւ Թուրքիոյ մայրաքաղաքը եւ տնօրէն նշանակուեցաւ տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ուսումնարանին (Բերա), ի հեճուկս համայնքին եկեղեցական իշխանութեանց, որոնք բուռն կերպով կը հակառակէին իրեն (ներառեալ՝ Պօղոս-Պետրոս ԺԳ. Թերզեան կաթողիկոս-պատրիարքը)։ Հետեւաբար, խաղաղ չանցան Պոլսոյ իր պաշտօնավարութեան տարիներն ալ։ «Կաթողիկէ արձագանգ» պաշտօնաթերթին մէջ մերթ ընդ մերթ սլաքներ երեւցան իր դէմ. նոյնիսկ գրուեցաւ, թէ իր պսակադրութինը օրհնուեր էր «էջմիածնական» ձեւով…։

   Կը թուի թէ պայքարը կ’առնչուէր Հայ Կաթողիկէ համայնքին հայկական ինքնութեան պահպանման հարցին, որուն ջատագովներէն էր Վարուժան։ Պոլսոյ «Ազատամարտ» օրաթերթի լրատուական սիւնակին մէջ (12 Մարտ 1913)՝ իր մէկ ճառախօսութենէն մէջբերուած այն նշումը, թէ «կղերը ուզեց լատինականութիւն պատուաստել մեզի, բայց մենք հայ ենք ու հայ պիտի մնանք», ինքնին պերճախօս է արդէն։ Այս նիւթին շուրջ որոշ յստակացումներ կը բերէ նաեւ Վարուժանի մտերիմը՝ բանասէր Յ. Ճ. Սիրունի, Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին մէջ գրելով.

   1912-ի ամառը Դանիէլ Պոլիս եկաւ։ Կաթոլիկ հայերու ազգային գործերը անցեր էին ազատական հոսանքին ձեռքը, եւ ճիգ մը կար հայ շունչը տարածելու Հայ Կաթոլիկ համայնքին մէջ։ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի Պոլիս գտնուող նախկին սաները միակ կենսունակ հայ կորիզը կը կազմէին այդ համայնքին մէջ, ու իրենց գլխաւոր մտահոգութիւնն էր հայ ոգին բերել՝ լեզուով ու սրտով ուծանալու գացող համայնքի մը զաւակներուն։

   Անոնց կազմած Միութիւնն էր, որ ազատական հոսանքը վարեց, պարտութեան մատնեց կղերական ու կղերամիտ տարրը, ձեռք անցուց Պատրիարքարանն ու Լուսաւորչեան ուսումնարանը։

    Վարուժանը այդ ուսումնարանին տնօրէն կարգեցին։ Կղերականները դիւրաւ չմարսեցին այս հարուածը, ու երկար ատեն չհանդուրժեցին, որ նոր կեանք ու լոյս մտնէ այդ կրթական յարկէն ներս։ Ու երկար ատեն շարունակուեցան փսփսուքները, գաղտասուքները Վարուժանի անուան շուրջ։ Ատեն եղաւ նոյնիսկոր իր անունը ոստիկանութեան հաղորդուեցաւ՝ իբրեւ խռովարարի(«Հայրենիք», Նոյեմբեր 1923)։

   Ամէն պարագայի, Վարուժան տնօրէնի պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ իր ձերբակալութիւնը՝ 1915-ի Ապրիլի գիշերը…

   Հո՛ս, Պոլսոյ մէջ, Վարուժան ունեցաւ գրական-հանրային ուշագրաւ գործունէութիւն։ Բեմ բարձրացաւ Ալիշանի ու Մ. Պէշիկթաշլեանի նուիրուած հանդիսութիւններուն, բանախօսեց ՐաՖՖիի մահուան 25-ամեակի ու Մկրտիչ Փորթուգալեանի ձօնուած ձեռնարկներուն, իր հրապարակային խօսքերով՝ մեծարեց Սիամանթօն ու գրաբարագէտ Յակոբ Գուրգէնը, ճառախօսեց Գիրերու Գիւտի 1500-ամեակի յոբելեանին։ Իրե՛ն վիճակուեցաւ Սիմոն Զաւարեանի դագաղին վրայ դամբանախօսելու պատիւն ալ (Հոկտեմբեր 1913)։ Հո՛ս է նաեւ, որ 1912-ին հրատարակուեցաւ իր երրորդ քերթողագիրքը՝ «Հեթանոս Երգեր»-ը, որ բաւական աղմուկ բարձրացուց գրական շրջանակներէ ներս՝ հին հեթանոսական բարքերը ներկայացնող իր յախուռն պատկերներուն եւ արտասովոր համարձակութեան համար։

   Բայց բանաստեղծին վրայ ցեխարձակումները սկսեր էին աւելի՛ առաջ…։

  «Ո՜Վ ԼԱԼԱԳԷ»Ն ԵՒ «ՊՈՌՆԿԱԳԻՐ» ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՄԸ

  Նախ յիշեցնեմ, որ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան յաջորդող տարիներուն, երբ ազգային երազներու ընձիւղման ու ցեղային արժանիքներու վերազարթօնքի շրջան մը կ’ապրուէր ամէնուրեք՝ Պոլսէն մինչեւ հայաբնակ գաւառները, մեր արեւմտահայ գրողներէն ոմանք (Ահարոն, Սիրունի, Լ. Էսաճանեան, Եդ. Գոլանճեան, Ռ. Զարդարեան, մասամբ՝ Շանթ, իր «Հին Աստուածներ»-ով եւ այլն) շեշտուած համակրանքով սկսան դիտել հեթանոսական դարաշրջաններու պատմութիւնն ու ըմբռնումները։

   Վարուժա՛նն ալ անոնցմէ մէկն էր. եւ՝ գլխաւորը։

   Այս մտաւորականները կ’աշխատէին հայութեան ցեղային յատկանիշերը փնտռել հեթանոս չաստուածներու, արքաներու կամ ասպետներու ռազմական ուժին, Ֆիզիքական առաւելութիւններուն ու փառապանծ յաղթանակներուն մէջ։ Ուժն ու վայրի գեղեցկութիւնը կը դառնային փառաբանանքի նիւթ, յա՛տկապէս բանաստեղծական կալուածին մէջ։ Ասիկա իմացական դարձ մըն էր դէպի նախաքրիստոնէութիւն, որ մեր ժողովուրդին ազգային բարօրութեան ու Մեծ Հայքի աշխարհաքաղաքական հզօրութեան տեսանկիւնէն՝ ցանկալի շա՛տ բան ունէր իր մէջ։

   Արդ, 1910-ական թուականներու արեւմտահայ նորածիլ սկաուտական ու մարմնամարզական շարժումը, սարքուած Նաւասարդեան խաղերը, ինչպէս նաեւ հեթանոսական անուն կրող մամուլի կարգ մը անուններ («Մեհեան», «Նաւասարդ», «Բագին») այս շարժումին պտուղներն էին։ Ամբողջ շարժումին հիմնական միտք բանին հետեւեալն էր.– ստրկութեան լուծը թօթափել փորձող արեւմտահայ մարդը կարօ՛տը ունի հին դարերու ուժին ու փառքին։

   Այս շրջանին է ուրեմն, որ տակաւին Սեբաստիա գտնուող Վարուժան սկսաւ գրի առնել իր «Հեթանոս Երգեր» շարքը, որուն մէջէն միակ բանաստեղծութիւն մը՝ «Ո՜վ Լալագէ»-ն, առանձինն բաւարար եղաւ փոթորիկ մը ստեղծելու աշխարհիկ ու կրօնական կարգ մը շրջանակներու մէջ։

   Ահա՛ւասիկ գրականութեան պատմութեան մէջ ուշագրաւ դրուագ մը, որ սերտօրէն կ’առնչուի արեւմտահայ ու արեւելահայ զոյգ գրականութեանց, հաւասարապէս։

   Ի՞նչ պատահած էր։

   ԹիՖլիսի «Գեղարուեստ» հանդէսի Դ. թիւին մէջ (1911), Վարուժան լոյս ընծայեց «Ո՜վ Լալագէ» խորագրով բանաստեղծութիւն մը, որ կը բաղկանար շուրջ ինիսուն տողէ։ «Գեղարուեստ»-ը 1908-ին հիմնուած պատկերազարդ հանդէս մըն էր ու կը խմբագրուէր Աշուղ Ջիւանիի որդւոյն՝ Գարեգին Լեւոնեանի կողմէ։

  Այս բանաստեղծութեան մէջ Վարուժան կը նկարագրէր աշնանային մայրամուտ մը, երբ ինք, կնոջ հետ թեւանցուկ, կարծէք թէ հռոմէական շրջանի քերթող Որատիոսը ըլլար, կը պտտի իր այգիին մէջ։  Կութքի, բերքահաւաքի, մրգահասի եղանակն է։ Կինը յղի է, պիտի ծնի ի մօտոյ, ինչպէս աշունը՝ որ իր պտուղները պիտի տայ շուտով։ Աշնան բոյրերը գինովցնող են, «խազմուզին (= նոր գինի)  բարկ բուրումը»՝ զգլխիչ։ Հարիւրաւոր գերիներ կամ խափշիկ գերուհիներ իրենց պարեգօտները մինչեւ պորտ հանգրիճած՝ հնձանին մէջ կը կոխկռտեն ու կը ճմլեն խաղողի ատոք ողկոյզները՝ գինի պատրաստելու համար։ Երազային երեկոյ մը, արդարեւ, ուր՝

 

Բուրումներն աշունին

Կը հասնէին մինչեւ աստղերն արծարծուն.

Ու այգին, լի պտուղներով բազմազան,

Կարծես կ’այրէր, կը ծաւալէր խունկ մ’անոյշ

Վա՛րը, մինչեւ Քաղաքին վրայ հեթանոս,

Քաղաքի՛ն վրայ որ միշտ, տօնի խրախի մէջ,

Կը սպառէր հողն ու աւիշները հողին։

 

   Բանաստեղծը (կամ ըսենք՝ հեթանոս այգեպանը) պարկե՛շտ է. ան անկեղծօրէն կը խոստովանի իր կնոջ՝ Լալագէին, թէ ինք այնտեղ, այգիին մէջ, «արիւնի ընդվզումներ» ունեցաւ, ցանկաց իր «տռիփով (=սեռային բուռն կիրք) ողողել այգիին մէջ քրտնող գերուհիները բոլոր», թէ պահ մը նոյնիսկ (կնոջ աչքերէն հեռու, երբ ան կը դառնար անդին՝ նուռ  քաղելու)՝ անզուսպօրէն յանդգնեցաւ համբուրել թուխ եթովպուհի գերի մը…։

   Ամբո՜ղջ «սայթաքումը» ա՛յս է ահաւասիկ։

   Հաւարը կը փրթէր սակայն։

   Արեւելահայ նշանաւոր թատերագիր ու վիպագիր Շիրվանզադէ (Ալեքսանդր Մովսիսեան, 1858-1935)  կ’ըլլար առաջին գայթակղողը։ Ան ԹիՖլիսի «Հորիզոն» օրաթերթի 8 Յունիս 1912-ի թիւին Ա. էջին վրայ արհամարհական ոճով կը գրէր.

   –Երէկ իմ բարեկամներից մէկի ցուցմունքով կարդացի մի հայ «բանաստեղծ»ի մի զազրելի ոտանաւորը։

   Այդ «բանաստեղծ»ի անունն է Դանիէլ Վարուժան, ոտանաւորի վերնագիրը՝ «Ո՜վ Լալագէ…»։ Տպուած է այդ կեղտոտ ոտանաւորը «Գեղարուեստ» հանդէսի վերջին համարում։

   Դատեցէ՛ք ինքներդ։ Մեր բանաստեղծը պատմում է, թէ ինչպէս ինքը մի օր իր յղի կնոջ հետ մտնում է մի այգի՝ այգեկութքի ժամանակ։ Այգում աշխատում են եթովպացի կանայք՝ կիսամերկ «ծիծերն ի վար, գոգին մէջ»։

   Տեսնում է նրանց թէ չէ՝ իսկոյն գրգռւում է։ Գոնէ ինքն այսպէս է երգում.

  

   Ես ունեցայ ընդվզումներ արիւնի։

   Ու ցանկացայ արեգակին, հողին պէս

   Բեղմնաւորել ինձ մերձեցող ամէ՛ն հունտ.

   Այսինքն, հասարակ մահկանացուներիս լեզուով ասած, հայ «բանաստեղծ»ը ցանկութիւն է ունենում սեռական յարաբերութիւն ունենալ բոլոր եթովպուհիներին հետ…

 

Համբուրեցի՜…բռնած հնդիկ ծամերէն

Պառկեցուցի ժպտագին գլուխը կուրծքիս,

Եւ հեշտաբո՜ւռն շրթներով, Լալա՛գէ,

Համբուրեցի՜…։

   Դա արդէն պոռնկագրութիւն չէ, այլ կատարեալ պոռնկութիւն։ Եւ ահա Դանիէլ Վարուժանի պէս էրետօմանները մեզ իրանց պոռնկութեան նմուշները ծախում են բանաստեղծութեան տեղ։

   Տեսարանի այլանդակութիւնը երեւակայելու համար աւելորդ չեմ համարում ասել, որ եթովպուհիները յայտնի են իրանց տգեղութեամբ։ Ուրեմն հայ «բանաստեղծ»ի ճաշակը այնքան այլանդակ էոր նոյնիսկ Ֆիզիքական այլանդակութիւններից էլ չի խորշում։

   Ո՜հ, մարդու փսխանքն է գալիս այս տեսակ գռեհիկ, կոպիտ, ամօթից ու ամենատարրական ճաշակից զուրկ «բանաստեղծներ»ի գործերը կարդալիս։

    «Նամուս»ի ու «Պատուի համար»ի հեղինակը ամէնէն վերջն ալ խրատ կու տար «Գեղարուեստ»ի խմբագիր Գ. Լեւոնեանին ու կը գրէր.

   –Կը ցանկայի, որ պր. Գ. Լեւոնեանը  չենթարկուէր մի խումբ տգէտ, անճաշակ, արեւելեան կեղտը իդէալական սիրոյ եւ գորտերի կրկռոցը սոխակի դայլալիկի տեղ ընդունող ասիացիների խրախուսանքին։

   Շուտով, Շիրվանզադէին կը ձայնակցէին ԹիՖլիսի «Մշակ»-ն ու Պոլսոյ «Կաթողիկէ արձագանգ»-ը եւս։ Երկուքն ալ կը դատապարտէին Վարուժանը, կը մրոտէին ու կը խծբծէին զինք ծանր որակումներով։ Նոյն ժխտական վերաբերմունքը կ’արտայայտէր նաեւ արեւելահայ գրաքննադատ Յարութիւն Սուրխաթեան։

    (Շարունակելի – 6)
Լեւոն Շառոյեան