«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը քիչ առաջ միաձայն քուէարկութեամբ հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող` ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտեսի ներկայացուցած թիւ 150 բանաձեւը։

Ծերակուտականներէն որեւէ մէկը վեթօ չդրաւ այս անգամ փաստաթուղթի քուէարկութեան վրայ: Վերջին ամիսներուն 3 անգամ հանրապետական տարբեր ծերակուտականներ` Քեւին Քրամըրը, Տէյվիտ Փերտիւն, Լինսի Կրահամը, արգելափակած ու չէին ձգած, որ բանաձեւը ընդգրկուի Ծերակոյտի օրակարգին մէջ:

Հետաքրքրական է, որ 3 ծերակուտականներն ալ սկզբունքօրէն դէմ չեն արտայայտուած բանաձեւի ընդունման, սակայն յայտնած են, որ այժմ ատոր ժամանակը չէ: Անցնող ամիսներուն, բանաձեւին կողմ արտայայտուելու եւ քուէարկելու ուղղութեամբ համաամերիկեան աշխատանք ծաւալած էր ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը: Բոլոր ծերակուտականները եղած են հայ ընտրողներու ուշադրութեան առարկան:

Ի դէպ, մինչ քուէարկութիւնը, գրեթէ մէկ ժամ առաջ Քիմ Քարտաշեանն ալ արձագանգած է Հայ Դատի Յանձնախումբի կոչին, եւ իր Instagram-ի էջին, շուրջ 135 միլիոն հետեւորդներուն կոչ ուղղած է զանգահարելու ծերակուտականներու գրասենեակ եւ պահանջելու կողմ ըլլալ ներկայացուած բանաձեւին:

Յիշեցնենք, որ այս բանաձեւէն անկախ, գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ փաստաթուղթ ընդունած էր նաեւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը: