ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան էջը կը հաղորդէ, որ արտաքին գործոց նախարարը իր գործընկերոջ հետ հանդիպումէն յետոյ ունեցած ծաւալուն, ընդարձակ ելոյթին մէջ յայտնած է. «Ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման հիմքը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումն է․ ինքնորոշման իրաւունքը, որ պէտք է իւրացուի առանց սահմանափակման եւ հարկադրման: Առանց սահմանափակման ըսելով` մենք նկատի ունինք, որ Արցախի ժողովուրդը կրնայ որոշել ինքնորոշման որեւէ տարբերակ. Արցախի ժողովուրդը իրաւունք ունի պահպանելու եւ սահմանելու իր կարգավիճակը Ատրպէյճանի ինքնիշխանութենէն, իրաւասութենէն եւ տարածքային ամբողջականութենէն դուրս:
Այն բոլոր առաջարկները կամ մեկնաբանութիւնները, որոնք չեն ապահովեր Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին իւրացումը, չեն կրնար ընդունելի ըլլալ Հայաստանի համար:
Անվտանգութեան ձեւակերպումներուն պարագային, Հայաստան յստակօրէն չի սահմաներ անվտանգութեան իր մօտեցումները,սակայն Ատրպէյճան երեսուն տարիէն աւելի երկարող իր հայատեաց քաղաքականութեամբ փաստած է, որ որեւէ ձեւով չի կրնար ապահովել Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը: Ես պարզապէս մէկ օրինակ բերեմ․ վերջերս Ատրպէյճանի նախագահը կը մեղադրէր հայերը Սումկայիթի հակահայկական ջարդերու կազմակերպման եւ իրականացման մէջ: Նման միջավայրի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորման կարելիութիւնը դիտարկելն անգամ աւելորդ է: Սա իրողութիւն է, որ գեղեցիկ ձեւակերպումներով պարզապէս կարելի չէ քօղարկել:
Հայաստան Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է, եւ Արցախի անվտանգութիւնը ենթակայ չէ զիջման: Չի կրնար ըլլալ որեւէ իրավիճակ, երբ Արցախի ժողովուրդը մնայ առանց պաշտպանութեան»: Եւ այս հանգամանքով նախարարը հանգամանօրէն անդրադարձած է Պրաթիսլաւիոյ իր ելոյթին մէջ. «Ատրպէյճանական կողմը կա՛մ ընկալումներու առումով որոշակի հարցեր ունի, կա՛մ պարզապէս չի փափաքիր ընկալել. բայց կ՛երեւի այս պարագային կրնամ վստահօրէն ըսել, որ բաւական լաւ կ’ընկալէ անվտանգութեան բոլոր դիտարկումները, որոնք հայկական կողմը կը ներկայացնէ:
Ինծի այլ բան չի մնար, քան անգամ մը եւս կրկնել, որ Արցախի եւ Հայաստանի պարագային սպառնալիքի լեզուն չի գործեր: Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուշացումին հիմնական պատճառը Ատրպէյճանի առաւելապաշտական դիրքորոշումն է, եւ անոր հիման վրայ որեւէ յառաջընթաց պարզապէս կը բացառուի»: