Նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի, Ուրբաթ, 13 Շաբաթ,14 եւ Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2019-ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս.Յակոբի տօնին առիթով աւանդական հերիսայի պատրաստութեան ծէսը։
Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ աղի եւ մատաղի օրհնութիւնը, իսկ Շաբաթ երեկոյեան կատարուեցաւ հսկումի եւ խաչահանգիստի (ջրօրհնէքի) արարողութիւն, որմէ ետք ներկայ ժողովուրդը ուրախ եւ ոգեւորուած, թափօր կազմած ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ գաւիթ, ուր տեղի ունեցաւ շքեղ տօնածառին լուսաւորումը։ Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբը իր հայրական օրհնութիւնն ու նոր տարուան բարի մաղթանքները ուղղեց ներկաներուն։
Յիշենք, որ եկեղեցասիրաց տիկնաց կազմը ժողովուրդին բաշխեց օրհնուած աղն ու ջուրը։
Կիրակի առաւօտուն Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին։ Պատարագին նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան, որ իր քարոզի ընթացքին անդրադարձաւ Սուրբ Յակոբի կենսագրական տուեալներուն, յայտնելով անոր կամքն ու հաստատ հաւատքը, նամանաւանդ Արարատ լեռ բարձրանալու գաղափարը, որով կ՚ուզէր Աստուածաշնչական պատմուածքի Նոյան տապանին ճշմարտութիւնը հաստատել եւ տապանէն մասունք մը բերել։ Աստուած գնահատելով անոր անսասան կամքը հրեշտակը ղրկեց Նոյան տապանէն կտոր մը տալու իրեն։ Տէր Լեւոն ըսաւ. «Սուրբերուն կեանքը թող օրինակ դառնայ մեզի, որպէսզի չսասանինք մեր հաւատքին մէջ եւ սատանայի փորձութիւններէն եւ խաբկանքէն զերծ մնանք»։ Աւարտին հոգեշնորհ հայր սուրբը շնորհաւորեց Յակոբ անունը կրողները եւ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք ճիգ չխնայեցին այս տօնախմբութիւնը յաջողցնելու։ Այնուհետեւ պատրաստուած հերիսան օրհնուեցաւ եւ տուփերու մէջ զետեղուած բաշխուեցաւ ներկայ ուխտաւորներուն։