Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն ՀՅԴ Արտակարգ Շրջանային ժողովը թեկնածու առաջադրած է ՀՅԴ ԿԿ ներկայացուցիչ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան: Խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի մասնակցի առանձին ցանկով:
Այս նիւթին շուրջ «Առաջին լրատուական»ը զրուցած է Արցախի խորհրդարանի նախագահի տեղակալ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Վահրամ Բալայանի հետ։
Հ.– Պարոն Բալայեան, Դաշնակցութիւնը տեւական հանդիպումներ ու քննարկումներ ունեցած էր քաղաքական ուժերու, առանձին հաւանական թեկնածուներու հետ։ Ինչո՞ւ համաձայնութիւն չեղաւ եւ որոշեցիք առանձին մասնակցիլ ընտրութիւններուն։
Պ.-Ընդհանրապէս մենք այդ հանդիպումները երկու փուլով իրականացուցած ենք։ Առաջին փուլով ընդհանուր սկզբունքներուն շուրջ համաձայնած ենք։ Եթէ դուք նկատած էք, մեր յայտարարութեան մէջ այդ սկզբունքները գրուած են։ Առաջին փուլով յաջողութիւն արձանագրուեցաւ , այսինքն՝ գաղափարներու շուրջ ընդհանուր կարծիք ձեւաւորուեցաւ։ Բայց հետագային՝ երկրորդ փուլով, երբ սկսանք փորձել որեւէ հաւանական թեկնածուի շուրջը մատչելի քննարկումներ կատարել, չյաջողեցանք, որովհետեւ իւրաքանչիւր համախմբում իր թեկնածուն կը պատկերացնէր ընտրութեան թեկնածու։ Մեկնելով այդ հանգամանքներէն՝ մենք նպատակայարմար տեսանք, որ մեր ծրագիրը իրականացնենք կուսակցական թեկնածուի միջոցով։ Միաժամանակ, մեր կուսակցական ընկերներուն տրամադրութեան համաձայն, երկրին առջեւ ծառացած հազար ու մէկ մարտահրաւէրներուն դիմաց, մենք նպատակայարմար նկատեցինք մեր թեկնածուն ներկայացնել։
Հ.– Դաւիթ Իշխանեան մէկն էր այն անձերէն, որ մասնակցեցաւ վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպումին։ Արդեօք արդէն այդ ժամանա՞կ որոշած էիք, որ ան պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան թեկնածուն յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն։
Պ.– Մենք մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ անընդհատ մեր կուսակցական շրջանակներուն մէջ տարբերակներ կը քննարկէինք։ Եթէ կը յիշէք՝ քանի մը անգամ յայտարարած ենք, որ մեր կուսակցական ընկերներու շարքին մէջ կան մարդիկ, որոնք կրնան հաւակնիլ այդ պաշտօնին։ Այդ ցանկին մէջ էր նաեւ Դաւիթ Իշխանեանի անունը։ Մենք այս մէկը պարզապէս ունենալով հանդերձ՝ կ’ուզէինք եղած թեկնածուներուն կարելի եղածին չափ առիթ տալ, որպէսզի հասարակութեան համար ընտրութիւն կատարելը դիւրին ըլլայ, ու հասարակութիւնը բաժան-բաժան չըլլայ։ Այդ հանգամանքներէն մեկնելով, մենք մէկ տարիէն աւելի է՝ կը բանակցէինք, կը փորձէինք միջավայր ձևաւորել, բայց մեր ուզածին չհասանք, անոր համար առաջին տարբերակը իրականութիւն դարձուցինք։ Բայց այն ատեն որոշուած չէր, որ պէտք է Դաւիթ Իշխանեանը ըլլայ, եւ ոչ ալ որոշուած էր, որ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հանդիպումին ան պէտք է երթայ։ Դաւիթ Իշխանեան Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն է՝ առաջին պատասխանատուն, Դաշնակցութիւնը նաեւ կարեւոր ուժ է մեր հանրային կեանքէն ներս, իշխանութիւնները այդպիսով նպատակայարմար տեսան, որ այդ հանդիպումին նաեւ Դաւիթ Իշխանեանը մասնակցի։ Այսինքն՝ ի դէմս Դաւիթ Իշխանեանին՝ նաեւ Դաշնակցութիւնը ներկա ըլլայ այդ հանդիպումին։
Հ.– Ձեր կարելիութիւնները ինչպէ՞ս կը գնահատէք։ Մամուլի մէջ հրապարակուած տեղեկութեան համաձայն, Արայիկ Յարութիւնեան, նաեւ՝ Մասիս Մայիլեան կը վայելեն հասարակական, դիւանագիտական միջավայրի աջակցութիւնը։ Դուք այս բոլորին լոյսին տակ ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք։
Պ.– Ընդհանրապէս Դաշնակցութիւնը 1988 թուականէն սկսեալ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ։ Կ’ուզեմ անգամ մը եւս շեշտել, որ այդ պետականութեան ստեղծման առաջին գիծին կեցած է Դաշնակցութիւնը, Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը Դաշնակցութենէն կազմուած էր, երկրի ղեկավարը դաշնակցական եղած է։ Այսինքն՝ այս կուսակցութիւնը իր վրայ այդ բեռը վերցուցած է։ Ես կը յիշեմ, թէ ինչքան մեծ պատասխանատուութիւն էր։ Այն ատեն ըսած էինք, որ դժուար բան է, բայց անկարելին կարելի դարձաւ։ Մեր ժողովուրդը այդ ամէնը չէ մոռցած, Դաշնակցութիւնը պէտք է այս երկրին, պետականութեան հաստատման համար։ Այսօր մենք բաւական բարդ ժամանակներու մէջ կ’ապրինք՝ Արցախեան հիմնահարցին շուրջ քննարկումներ, պատերազմի վտանգ։ Հազար ու մէկ հարցեր կան, ու ես կը կարծեմ, որ ժողովուրդը այդ վստահութիւնը կու տայ Դաշնակցութեան՝ վստահ ըլլալով, որ Դաշնակցութիւնը միակ կազմակերպուած ուժն է, որ կրնայ ժողովրդը իր շուրջը համախմբել ու դիմակայել ապագայ մարտահրաւէրները։ Այս տեսանկիւնէն մեր կարելիութիւնները մեծ են։ Ընտրութիւնները իւրօրինակ պիտի ըլլան, նոր իրավիճակ է, եւ սկիզբէն կանխորոշուած չէ, թէ ով պետք է ըլլայ, ինչպէս պէտք է ըլլայ։ Հանրութիւնը իր քուէն կու տայ եւ որու որ կը վստահի՝ ան թող կառավարէ երկիրը, մնացածներն ալ կ’օժանդակեն, որ հարթ ու հանգիստ ըլլայ այս երկրին մէջ ապրող ժողովուրդին կեանքը։
Հ.– Չէ՞ք կարծեր, որ թեկնածուներու այսպիսի առատութեան պայմաններուն մէջ ձայները կը փոշիանան եւ երկրորդ փուլ կ՛որոշուի։
Պ.– Ամենայն հաւանականութեամբ երկրորդ փուլ իսկապէս պիտի ըլլայ։ Այո՛, թեկնածուները շատ են, որ ունի կարեւոր նշանակութիւն, հասարակութեան մէկ մասը մէկուն կը համակրի, միւսը՝ երկրորդին, միւս մասն ալ՝ երրորդին։ Այս տեսանկիւնէն իսկապէս երկրորդ փուլի հնարաւորութիւնը շատ հաւանական է, բնական է, անոր մէջ վտանգաւոր ոչ մէկ բան կը տեսնեմ։