Երէկ առաւօտեան ժամերէն մինչեւ երեկոյ լիբանանահայութիւնը խուռներամ մասնակցութիւն բերաւ «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» թեմայով ռատիոթոնին` ընդառաջելով Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին:
Հերթական անգամ լիբանանահայութիւնը իր հոգեւոր, ազգային, միութենական, կրթական, մշակութային, ուսանողական եւ երիտասարդական շրջանակներով հաւաքաբար զօրակցեցաւ լիբանանահայ համայնքի կարիքներուն հասնելու հրամայականի կատարման նախաձեռնութեան:
Ժողովրդային տարբեր խաւերու ինքնաբուխ մասնակցութիւնը ներհամայնքային առումով ամէնէն տպաւորիչ ձեւով յաջողցուց իրարօգնութեան հաւաքական զօրակցութիւնը:
Հայկական երեսփոխանական պլոքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն անխտիր, ռատիոթոնին լծուած կամաւոր փաղանգներուն, որոնք անգամ մը եւս ընդառաջեցին հայ ընտանիքներ ուրախացնելու ազգային-մարդկային կոչին` վերահամոզելով բոլորս, որ սփիւռքի կեդրոնական հանգամանք վայելող լիբանանահայութիւնը ամբարած է տարբեր տեսակի տագնապներ յաղթահարելու կամքը, ունակութիւնը եւ վճռակամութիւնը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔ