«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ ամերիկեան վարչակազմին դիրքորոշումը չէ փոխուած:

«Մեր մօտեցումը կ՛արտացոլայ այս տարուան Ապրիլին Միացեալ Նահանգներու նախագահին արտայայտած յայտարարութեան մէջ», արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած մեկնաբանութեան մէջ կը նշէր նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մորկըն Օրթըկըս:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան 24 Ապրիլին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ հրապարակուած ուղերձին մէջ, նախագահ Տանըլտ Թրամփ 1915ի իրադարձութիւնները անուանած էր «Մեծ Եղեռն», դարձեալ խուսափելով «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելէ:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնեց, թէ յստակ չէ, որ «նախագահ Թրամփ որքան հաւատարիմ պիտի մնայ իր հակաամերիկեան դիրքերով ծանօթ մենատէր Էրտողանին»:
«Մինչ հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներուն առաւել քան 98 տոկոսը իր աջակցութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Քոնկրեսի բանաձեւին, նախագահը մեկուսացած կը մնայ եւ Անգարայի վերջին ջատագովն է Ուաշինկթընի մէջ», նշեց Համբարեան: