Բարի Տօնածառը
Նախապէս անդրադարձած էինք որսէն դէպի ցանք մարդկութեան կատարած քայլին եւ անոր ընկերակցող զարգացումներուն՝ մարդկային միտքին ու մտայնութեան զարգացման հոլովոյթին մէջ։ Հողագործ մարդը առաւել կը գնահատէր բուսական աշխարհը, կեանքի վերանորոգումը եւ խորապէս կ’ըմբռնէր զոհողութեան գաղափարը։ Այս տրամաբանութեամբ, ծառերու պաշտամունքը տարածուած երեւոյթ էր տակաւին հնագոյն ժամանակներէն։ Ծառի պաշտամունքի երեւոյթները սերտօրէն առնչուած էին արեւային օրացոյցին, հետեւաբար արեւ-աստուածութիւններու հետ։
Հայաստանի մէջ հեթանոսութեան շրջանին, ծառերու պաշտամունքը ունէր իր կարեւոր դերակատարութիւնը։ Ընդհանրապէս մշտադալար ծառեր կը համարուէին սրբազան ծառեր, ինչպէս եղեւինն ու մայրին, սակայն Հայաստանի բնաշխարհին մէջ աւելի տարածուած են սաղարթային ծառերը, հետեւաբար սրբազան ծառերուն մէջ առաջնակարգ դիրք կը գրաւէր սօսիի ծառը։ Հայերու եւ այլ հնդեւորպական ժողովուրդներու մօտ տարածուած էր այս երեւոյթը, զանազան երկիրներու մէջ կը գտնուէին սրբազան պուրակներ, որոնք կ’ունենային իրենց կախարդ-քուրմերը (Քելթիք ժողովուրդներու Տրուիտներուն նմանութեամբ)։ Շատեր կը հաւատային, որ իրենց նախնիներուն հոգիները ծառերուն մէջ կ’ապրին եւ սօսափիւնի միջոցով պատգամներ ու գուշակութիւններ կը փոխանցեն իրենց շառաւիղներուն։ Պատմահայր Մովսէս Խորենացի արձանագրած է այսպիսի ծէսեր հեթանոս Հայստանէն։ Ան եւ այլ աղբիւրներ կը փոխանցեն, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցած են սօսի ծառի սրբազան պուրակներ, որոնց սօսափիւնէն ներշնչուած, քուրմեր գուշակութիւններ կը կատարէին, իսկ մեր թագաւորներէն Անուշաւան կոչուած էր Սօսանուէր, որովհետեւ մանուկ հասակին նուիրուած էր սօսիներու սրբազան անտառին։
Հեթանոս Եգիպտոսի կարեւոր աստուածներէն էր արեւու Ռաա աստուածը, որ կը պատկերուէր արծիւի գլուխով եւ կը կրէր արեւը որպէս լուսապսակ։ Ձմրան ամիսներուն, երբ արեւը տկարացած կ’ըլլայ, հեթանոս եգիպտացիները կը հաւատային, որ Ռաա-ը հիւանդացած է։ Անոր առողջութիւնը իր յոռեգոյն վիճակին կը հասնի 21 Դեկտեմբերին՝ ձմեռնային արեւադարձին, որմէ ետք ան իբրեւ թէ հետզհետէ կ’ապաքինուի ու կը բարելաւուի։ Այս իրադարձութիւնը եգիպտացիները կը նշէին մեծ շուքով, իրենց տուները կը զարդարէին արմաւենիի եւ այլ մշտադալար ծառերու ոստերով ու տերեւներով, որոնք կը խորհրդանշէին կեանքի մնայուն ուժը եւ վերանորոգումը։ Հին հռոմէացիները նաեւ ունէին նոյնանման տօնախմբութիւն մը, որ նուիրուած էր աստուածներու հայր Սաթուրնին եւ կը տօնուէր Դեկտեմբերի 17-23։ «Սաթուրնալիա» կամ Սաթուրնական Տօնը այն ժամանակաշրջանն էր, երբ ամէն օրէնք կը վերացուէր, ստրուկները տէր, իսկ տէրերը ստրուկ կ’ըլլային, բոլորին կը տրուէր խօսքի բացարձակ ազատութիւն՝ առանց հետեւանքի կամ հաշուետուութեան, եւ ամէնուրէք կը տարածուէր բախտախաղը։ Սաթուրնական տօներուն հռոմեացիները իրենց տուները կը զարդարէին եղեւինի եւ այլ մշտադալար ծառերու ոստերով, որովհետեւ Սաթուրնը բուսական աշխարհը խորհրդանշող աստուած էր։
Սաթուրնական տօնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է նոյնիսկ քրիստոնեայ Արեւմուտքի բարքերուն վրայ։ Եկեղեցւոյ հայրերը Եւրոպայի մէջ, նախ փոխած են Քրիստոսի ծննդեան թուականը 6 Յունուարէն 25 Դեկտեմբերի, որպէսզի զուգադիպի մարդոց մօտ արմատացած այս տօնակատարութեան թուականին հետ։ Պահպանուած են նաեւ տօնախմբութեան այլ երեւոյթները, ինչպէս նուէրներու փոխանակումը, ճաշկերոյթներու կազմակերպումը եւ… տօնածառը։
Տօնածառը, իր այսօրուան ձեւով սկիզբ առած է ԺԶ. դարուն, Գերմանիոյ մէջ։ Անկէ առաջ տուները կը զարդարուէին մշտադալար ծառերու կանաչ ոստերով։ Միջին դարուն Եւրոպայի մէջ տարածուած էր «Խորհուրդներու Թատրոն»ը, որ թատերական ներկայացումներու միջոցով հանրութեան կը մատուցէր սուրբգրային դրուագներ, որոնցմէ էր Ադամին ու Եւային դրախտէն արտաքսումը։ Ներկայացման ընթացքին, ներկայացնելու համար բարիի ու չարի գիտութեան ծառը, կը զետեղուէր եղեւին մը եւ վրան կը միացնէին կարմիր խնձորներ։ Բարեպաշտ ժողովուրդը, կապկելով այդ ներկայացումները, սկսած է բնակարանները զարդարել խնձորներով զարդարուած եղեւիններով։ ԺԹ. դարուն, Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհիին գերմանացի ամուսինը՝ Ալպէրթը, անգլիական թագաւորական պալատին աւանդութիւններու շարքին կ’անցընէ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ տօնածառ զետեղելը, զայն զարդարելով խնձորներով, մոմերով, արձանիկներով, կրկնեփուկներով ու կարկանդակներով։ Զարդարանքներէն իւրաքանչիւրը ունէր իր խորհրդանշական իմաստը։ Խնձորները կը խորհրդանշէին առատութիւն, մոմերը՝ Քրիստոսի բերած հաւատքին լոյսը, արձանիկները ընդհանրապէս Յիսուս մանուկի ծննդեան պատկերին տիպարները (մոգերը, հովիւները եւ այլն) կ’ըլլային, իսկ կրկնեփուկներն ու կարկանդակները կը ներկայացնէին Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի մասը։ Սովորութիւնը հետզհետէ ստացաւ ժողովրդական բնոյթ եւ տարածուեցաւ աշխարհի չորս կողմը։
Մշտադալար ծառը կը խորհրդանշէ կեանքի անտեղիտալի ուժը, որ նոյնիսկ ձմրան ամէնէն անբարենպաստ պայմաններուն տակ, կը պահէ գարուն, կեանք ու առատութիւն յուշող իր կանաչ գոյնը։ Մշտադալար ծառերու շուրջ համախմբուելով, հազարամեակներ շարունակ մարդկութիւնը նշած է լոյսի ու բարիի յաղթանակը, տարուան ճիշդ այն օրերուն, երբ գիշերը ամէնէն երկարն է, իսկ ցուրտը՝ համատարած։ Յոյսի ու կեանքի հանդէպ հաւատքի գեղեցկագոյն այս դրսեւորումը կը շարունակէ մնալ տարուան ամէնէն հաճելի տօնին գլխաւոր աստղերէն մին, իր շուրջ համախմբելով Քրիստոսի ծնունդը դիմաւորող ընտանիքները։ Թող տօնածառին արթած յոյսն ու սէրը միշտ մեր հետ մնան ու տարուէ տարի վերանորոգեն մեր յոյսերը։
Բարի տօնածառին շուրջ բոլոր համախմբուածներուն՝ բարի՛ տարի…
Յուշիկ Ղազարեան