Խօլ արշաւի մըն ալ վերջին փուլին հասանք ու ամէն տարուան պէս նոր արշաւի մը սեմին պիտի կանգնինք: Պիտի վառին լոյսերը յոյսի ու հաւատքի: Երկվայրկեաններ լռութիւն տիրելէ վերջ, պիտի վերանան ցաւերը երէկուան: Պիտի թաղուին խոնջէնքն ու տանջանքը: Վհատիլ չգիտցողները պուտ-պուտ պիտի խմեն ցնծութեան ու բերկրութեան արիւնագոյն գինիէն: Գրկաբաց ու ջերմ գգուանքով պիտի ողջագուրուին մարդիկ իրենց թոռներուն, զաւակներուն, քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ: Բերկրութեան, լոյսերու, գոյներու ալիքներով պիտի ողողուի սենեակը: Ծափողջոյններու, ծիծաղներու, երգերու, զանգերու միախառն ձայները Նոր Տարուան օրհներգը պիտի հիւսեն: Ու սեղաններ պիտի սարքուին, անպակաս պիտի ըլլան բնութեան պարգեւած բոլոր բարիքները, պիտի յորդին սեղանները միրգերով, չիր ու չամիչով, ընկոյզով եւ օրհնութեան յանկերգ մը պիտի բարձրանայ:
Բայց ես աչքերս յառելով հորիզոնին, պիտի յիշեմ այն երդիքները, որոնք իրարու վրայ փլած ու սըմքած են, որոնց օճախները մարած են… չար մարդոց զայրոյթն ու ատելութիւնը մոխրացուցած է զանոնք: Պիտի յիշեմ այդ թաղերուն սոսկալի լռութիւնն ու թանձր ցուրտը, որոնք ամայացուցած են երբեմնի շէն օճախները: Յիշողութեանս պաստառին վրայ պիտի վերակենդանանան որբուկներուն մանկական, վճիտ աչքերն ու արցունքները:
Այս բոլորը յիշելով մէկտեղ ես Կաղանդի գիշերը ճրագս վառ պիտի պահեմ… վառ պիտի պահեմ, որպէսզի շողայ մինչեւ առաւօտ եւ պատուհանիս դիմաց պիտի տեղաւորեմ զայն, որպէսզի «խաղաղութեան իշխանը» տեսնելով ճրագս՝ օրհնութիւն , բարիք եւ խաղաղութիւն սերմանէ ողջ աշխարհին:
Լարա Արթին