Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն ահաբեկչութեան թիրախ դարձած, ապա Սուրիոյ նախագահին նիւթական ներդրումով վերանորոգուած Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ Վարժարանը այսօր տօնեց իր Ամանորը։ Տօնը կրկնակի ցնծութեան առիթ եղաւ, երբ վարժարան անակնկալ այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա ալ Ասատը եւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց աշակերտներուն, բարի եւ արգասաբեր տարի ցանկալով բոլորին։
Աշակերտները Առաջին Տիկնոջ ներկայութեան գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով հանդէս եկան։
Տօնակատարութեան ներկայ էին Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի պատասխանատու Արմէն Ուրֆալեան, Վարժարանի տնօրէնուհին եւ վարժարանի Հոգաբարձական կազմին անդամները։