Արե­ւել­եան աստ­ղա­գու­շա­կան դրու­թիւնը կը նմա­նի արեւմտ­եա­նին: Մի­ակ տար­բե­րու­թիւնը այն է, որ արե­ւել­եա­նը ու­նի 12 տա­րի, իսկ արեւմտ­եա­նը՝ 12 ամիս:
Նշան­նե­րը կոչ­ուած են կեն­դա­նի­նե­րու անուն­նե­րով: Արե­ւել­եան աստ­ղա­գու­շա­կու­թեան նշան­ներն են. առ­նէ­տը, եզը, վագ­րը, նա­պաս­տա­կը, վի­շա­պը, օձը, ոչ­խա­րը, կա­պի­կը, աքա­ղա­ղը, շու­նը եւ վա­րա­զը: Արե­ւել­եան դրու­թեան հե­տե­ւե­լու պա­րա­գա­յին նկա­տի կ’առ­նենք ան­ձին ծնած տա­րին:
Արե­ւել­եան աստ­ղա­գու­շա­կու­թեան մէջ ծննդ­եան պա­հը կա­րե­ւոր չէ, միայն ծննդ­եան տա­րին կա­րե­ւոր է: Բայց պէտք է նկա­տի առ­նել, որ ըստ արե­ւել­եան օրա­ցոյ­ցին, տա­րին կը փոխ­ուի ոչ թէ 1 Յուն­ուա­րին, այլ՝ Ջր­հո­սի նո­րա­լու­սի­նին առաջին օրը: Արե­ւելք­ցի­ներ, յատ­կա­պէս ճա­փոն­ցի­ներ, մեծ հա­ւատք ըն­ծա­յած են այս դրու­թեան:
Ան­բախտ տա­րի­նե­րու ծնած աղ­ջիկ­նե­րէն շա­տեր չեն ամուս­նա­ցած, կար­ծե­լով որ դժ­բախտ պի­տի ըլ­լան: Կարգ մը ծնողներ նոյ­նիսկ փո­խած են իրենց դուստ­րե­րու ծննդ­եան թուա­կա­նը անձ­նա­թուղ­թե­րուն մէջ եւ այլն: Անոնք կը փա­րէ­ին աստ­ղե­րու եւ կը վախ­նա­յին չար բախ­տէն:
2020 թուա­կա­նը շատ կա­րե­ւոր է, քա­նի որ ան կը յի­շա­տակ­ուի նոր դա­րաշր­ջա­նին սկիզ­բը:
Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի առանձ­նա­յա­տուկ է:
2020-ը Սպի­տակ ԱՌ­ՆԷ­ՏԻ տա­րի է:
Առ­նէ­տը արե­ւել­եան աստ­ղա­գու­շա­կու­թեան տաս­ներ­կու կեն­դա­նի­նե­րուն առա­ջինն է:
Արեւ­մուտ­քի մէջ առ­նէ­տը ամ­բողջ քա­ղաք­նե­րը դա­տար­կող, հիւան­դու­թիւն տա­րա­ծող կը հա­մար­ուի եւ ան­կու­մի խորհրդա­նիշն է:
Իսկ Չի­նաս­տա­նի մէջ այս կեն­դա­նին կը հա­մար­ուի սուրբ կեն­դա­նի:
Առ­նէ­տի տար­ուան ըն­թաց­քին առա­տու­թիւնը կ’իշ­խէ: Այս տա­րին իր հետ յոյ­սեր, պատ­րանք­ներ եւ նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ կը բե­րէ: Առ­նէ­տի տար­ուան ըն­թաց­քին տն­տե­սու­թիւնը կը ծաղ­կի: Տա­րին ընդ­հան­րա­պէս խա­ղաղ կ’ըլ­լայ, պատերազմնե­րը կը դադ­րին:
Առ­նէ­տի կեան­քին մէջ եր­կու գե­րա­կայ ոլորտ­ներ կան: Առա­ջի­նը՝ ըն­տա­նի­քը, որուն հան­դէպ նք մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը կրէ, որով­հե­տեւ առ­նէ­տը կը յատ­կանշ­ուի ցե­ղի պահ­պան­ման նկա­տե­լի բնազ­դով: Միւ­սը՝ կեան­քին մէջ մեծ ՀԵբար­ձունք­նե­րու հաս­նե­լու առ­նէ­տին ձգ­տումն է, որուն հե­տե­ւան­քով կը նա­խա­տես­ուի են­թա­կա­յին մաս­նա­գի­տա­կան զար­ցա­ցու­մը եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լա­ւու­մը:
-Առ­նէ­տի տա­րին ծնած մա­նու­կին դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը բարդ չ’ըն­թա­նար: Մա­նու­կը շատ արագ կը յար­մա­րի կեան­քի բո­լոր փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն:
Ան ըն­տա­նիք կազ­մե­լու եւ սի­րոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կր­նայ հաս­տա­տել ցու­լին հետ:
Վի­շա­պին հետ նոյն­պէս հի­ա­նա­լի լե­զու կը գտ­նէ, անոնք զոյգ կր­նան կազ­մել եւ մի­ա­սին ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քի կը ձեռ­նար­կեն:
Կա­պի­կը եւ առ­նէ­տը լաւ ըն­կեր­ներ կր­նան ըլ­լալ, որով­հե­տեւ եր­կուքն ալ զար­գա­ցող միտք ու­նին:
Առ­նէ­տին բո­լո­րո­վին ան­յար­մար է ձին:
Վագ­րին ու այ­ծին հետ առ­նէ­տը փոխ­հաս­կա­ցո­ղու­թեան չի հաս­նիր իր շեշտ­ուած հե­տաքրք­րու­թեան պատ­ճա­ռով:
Առ­նէ­տի տա­րի­ներն են՝ 1936,1948,1960,1972,1984,1996, 2008, 2020, 2032, 2044:
 Առ­նէ­տի տա­րին պէտք չէ կա­պել վատ նշան­նե­րու հետ: Իրա­կա­նու­թեան մէջ ան եր­ջան­կու­թեան տա­րի է:
Արե­ւել­քի մէջ առ­նէ­տը հարս­տութ­եան, մաք­րու­թեան եւ բա­րու­թեան նշան է:
Այս տա­րի­նե­րուն ծնող­նե­րը կ’ու­նե­նան քա­շո­ղա­կան ուժ եւ հմայք: Անոնք դիւ­րաւ լե­զու կը գտ­նեն իրենց շր­ջա­պա­տին հետ: կ’աշ­խա­տին մին­չեւ որ հաս­նին իրենց նպա­տա­կին եւ կալ­ուած­ներ ապա­հո­վեն: Երբ գոր­ծի մը ձեռ­նար­կեն՝ լա­ւը կ’ընեն եւ ան­կա­րե­ւոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով չեն զբա­ղիր: Դրա­մը խնա­յե­լու դժ­ուա­րու­թիւն չեն ու­նե­նար, սա­կայն եթէ անձ մը սի­րեն, մեծ գու­մար­ներ կը մս­խեն անոր հա­մար:
Առ­նէ­տի տար­ուան մէջ ծնած ան­ձե­րը շատ շուտ կը ջղայ­նա­նան, բայց իրենց ջղայ­նու­թիւնը շու­տով չեն ար­տա­յայ­տեր: Կր­նան նեղ­միտ ըլ­լայ, սա­կայն մեծ ձգ­տում­ներ կ’ու­նե­նան: Անոնք ընդ­հան­րա­պէս պարզ, հա­մեստ եւ յա­ջո­ղակ ան­ձեր կ’ըլ­լան, բայց կը սի­րեն բամ­բա­սել:
ԻՆՉ­ՊԷՍ ԴԻ­ՄԱ­ՒՈ­ՐԵԼ 2020 ՏԱ­ՐԻՆ
Սպի­տակ առ­նէ­տի տա­րին անհ­րա­ժեշտ է դի­մա­ւո­րել կա­պոյտ, կա­նաչ եւ ոս­կե­գոյն գոյ­նե­րով: Այս երեք գոյ­նե­րը եւ իրենց երանգ­նե­րը տար­ուան ըն­թաց­քին յա­ջո­ղու­թիւն կը բե­րեն:
Սպի­տակ առ­նէ­տի տար­ուան ըն­թաց­քին կա­րե­լի է յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հաս­նիլ՝ նոր բա­ներ սկ­սե­լով՝ թարմ միտքեր, գա­ղա­փար­ներ ու­նե­նա­լ եւ կեանքի կո­չե­լով զա­նոնք:
Ամա­նո­րը դի­մա­ւո­րե­լու հա­մար.
-Մի մտա­ծէք Ամա­նո­րը մի­նակ դի­մա­ւո­րել
-Ճոխ սե­ղան պատ­րաս­տե­ցէք
-Եր­բեք մի՛ վի­ճիք սե­ղա­նին շուրջ
-Տօ­նա­ծա­ռը զար­դա­րե­ցէք կա­պոյտ, կա­նաչ եւ ոս­կե­գոյն խա­ղա­լիք­նե­րով:
 Եւ վեր­ջա­պէս Ամա­նո­րին հագ­ուե­ցէք գե­ղե­ցիկ, կա­նաչ զգեստ: