ՏԵՂԱԿԱՆ
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
– ՀՄԸՄ-ական խաղացողներ Ալիսիա Մակարեան եւ Ճեմա Տաուլէ մաս կազմեցին Սուրիոյ աղջկանց պասքեթի հանրապետական բաժակի աւարտական մրցումին: Ալիսիան Սաուրա իսկ Ճեման Ճալաա խումբերուն հետ: Մրցումը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի մէջ, որուն աւարտին Սաուրան տիրացաւ հանրապետական բաժակին՝ 75-54 արդիւնքով պարտութեան մատնելով մրցակիցը:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ողիմպիական հաւաքականը հանդիսացաւ Չինաստանի միջազգային մրցաշարքի ախոյեան:
– Ֆարուք Սրիէ, Հաթէմ Ղայէպ եւ Անաս Սիպաաի իրենց թեկնածութիւնը ներկայացուցին՝ որպէս Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնակցութեան ընտրութիւններու նախագահ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
2019-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՏԱՍՆԵԱԿԻ ՀԱՒԱԿՆՈՐԴՆԵՐԸ
Հայաստանի Մարզանքի եւ Երիտասարդութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներու թեկնածուներուն ցանկը: Հրապարակուեցաւ 26 անուն, որոնք լաւագոյն արդիւնքները նուաճած են: Անոնք են՝ Ռուբէն Ալեքսանեան (ծանրամարտ), Կարէն Ասլանեան (յունա-հռոմէական ըմբշամարտ), Արթուր Աւետիսեան (մարմնամարզութիւն), Արսէն Բաղրեան (ուշու), Յովհաննէս Բաչկով (բռնցքամարտ), Սլաւիկ Գալստեան (յունահռոմէական ըմբշամարտ), Սամուէլ Գասպարեան (ծանրամարտ),Դաւիթ Գրիգորեան (սամպօ), Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզութիւն), Վահագն Դաւթեան (մարմնամարզութիւն), Տիգրան Կիրակոսեան (սամպօ), Արսէն Յարութիւնեան (ազատ ոճի ըմբշամարտ), Արթուր Յովհաննէսեան (բռնցքամարտ), Դաւիթ Յովհաննէսեան (ծանրամարտ), Արսէն Ղազարեան (սամպօ) Մաքսիմ Մանուկեան (սամպօ) Արսէն Ղազարեան (սամպօ), Սիմոն Մարտիրոսեան (ծանրամարտ), Գոռ Մինասեան (ծանրամարտ), Յակոբ Մկրտիչեան (ծանրամարտ), Գրիգոր Մխիթարեան (սամպօ), Հենրիկ Մխիթարեան (ֆութպոլ), Կարապետ Չալեան (յունահռոմէական ըմբշամարտ), Վահագն Չալեան (սամպօ) եւ Արսէն Ջուլֆալակեան (յունահռոմէական ըմբշամարտ): Լաւագոյն մարզիկներու ցանկին մէջ տեղ չգտան ճատրակի Հայաստանի առաջատար Լեւոն Արոնեանը, արագ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեան Գաբրիէլ Սարգսեանը, կայծակնային ճատրակի Եւրոպայի փոխախոյեան Զաւէն Անդրիասեանը: Ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս լաւագոյն տասնեակը պիտի որոշուի բջիջային SMS քուէարկութեամբ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ԿԼՈՓԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ
Անգլիոյ փոխախոյեան եւ Չեմփիընզ Լիկի բաժակակիր Լիվըրփուլի պատասխանատուները նոր համաձայնութիւն մը արձանագրելով երկարաձգեցին խումբի գերմանացի մարզիչ Եորկէն Կլոփի պայմանագիրը՝ մինչեւ 2024-ի աւարտը: Կլոփ Լիվըրփուլը կը գլխաւորէ 2015 թուականէն։ Անցեալ տարուան Անգլիոյ ախոյեանութեան, խումբը, ապահովելով 97 կէտ, գրաւեց աղիւսակին երկրորդ դիրքը, ինչպէս նաեւ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թոթենհամը ու արժանացաւ Եւրոպայի Չեմփիընզ Լիկի բաժակին: Աւելցնենք, որ այս տարեշրջանին խումբը հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր երթը եւ կը զբաղեցնէ դասաւորումին առաջին դիրքը:
ՆԱՓՈԼԻ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉ ՈՒՆԵՑԱՒ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին Իտալիոյ Նափոլի ակումբի ղեկավարութիւնը պաշտօնազուրկ ըրաւ խումբի մարզիչ Գարլոս Անշելոթին: Որոշումին յաջորդող օրը պատասխանատուները խումբի նոր մարզիչ նշանակեցին Միլանի նախկին ղեկավար Ճինարօ Կաթոսօն: Յիշենք, որ Նափոլին այժմ կը գրաւէ աղիւսակի 7-րդ դիրքը:
ՌԱՔԷԹԻՉ Կ’ՈՒԶԷ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՀԵՏ ՄՆԱԼ
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի Խրուաթ խաղացող իվան Չաքէթիչ անցեալ շաբթուան աւարտին յայտնեց, թէ ներկայիս ան փափաք չունի լքելու Պարսելոնայի կազմը: Ըստ Marca-ին, ֆութպոլիստը նախապէս որոշած էր հեռանալ ակումբէն, որովհետեւ ներկայ մրցաշրջանին սահմանափակ ժամկէտով մաս կազմած է խումբի մրցումներուն, սակայն վերջին հինգ մրցումներուն ընթացքին, Պարսելոնայի մարզիչը աւելի երկար ժամանակ Ռաքէթիչը պահած է դաշտին մէջ, եւ այս մէկը պատճառ դարձած է, որ խրուաթացի խաղացողը վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը: Յիշենք, որ Իվան Ռաքիթիչ Պարսելոնային միացաւ 2014-ին:
«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ»Ի ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ
Երկուշաբթի օր Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Չեմփիընզ Լիկի վիճակաձգութիւնը, ուր արձանագրուեցան ուժեղ հանդիպումներ։ Չեմփիընզ Լիկի վիճակաձգութեան արդիւնքը եղաւ հետեւեալը.
Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի
Պարսելոնա – Նափոլի
Պորիսիա Տորթմոնտ – Փարիզ Սան Ճերման
Վալենսիա -Աթլանթա
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Լիվըրփուլ
Չելսի – Պայերն Միունէխ
Լիոն – Իւվէնթոս
Թոթենհամ – Լայնպըրկ
Մրցումներու երթի փուլը տեղի պիտի ունենայ 18-19-25-26 Փետրուար 2020-ին, իսկ դարձի փուլը՝ 10-11-17-18 Մարտ 2020-ին։
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան