Ամէն տարի տօնական օրերու նախօրեակին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը կը կազմակերպէր իր տարեկան դրամահաւաք- ռատիոթոնը` իր մասնակցութիւնը բերելով համահայկական դրամահաւաքին, որուն հասոյթը կը տրամադրուէր Հայաստանի ու Արցախի տարածքին բազմաթիւ ծրագիրներու իրագործման:
Իսկ այս տարի, Լիբանանի մէջ տիրող բոլորին ծանօթ պայմաններու բերումով, մարմինը որոշեց զանց առնել իր տարեկան դրամահաւաքի կազմակերպումը:
Սակայն այս անգամ ողջունելի նախաձեռնութեամբ Արցախի պետութիւնն ու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հասան լիբանանահայութեան օժանդակութեան` լիբանանահայ վարժարաններուն տրամադրելով 150.000 ամերիկեան տոլար:
Այս առիթով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը իր կարգին, իր մօտ պահ դրուած գումարէն, լիբանանահայ վարժարաններու օժանդակութեան կողքին, 25.000.000 լ.ո. յատկացում կը կատարէ լիբանանահայ գաղութի երեք օրաթերթերուն եւ երկու ռատիոկայաններուն (իւրաքանչիւրին` 5.000.000 լ.ո.):
Ճիշդ է, որ յատկացուած գումարները հսկայական կարիքներու դիմաց կրնան խորհրդանշական թուիլ, սակայն այս զօրակցութիւնը դրամական նուիրատուութենէ անդին է:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի պետութեան կողմէ լիբանանահայ վարժարաններու օժանդակութեան այս նախաձեռնութիւնը, լաւագոյն օրինակն է Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք եռամիասնութեան, որ կ՛ապացուցէ, թէ երբ կարիք զգացուի, դերերը կը փոխուին, եւ հայրենիքն է, որ օգնութեան կը հասնի իր ժողովուրդի տագնապահար հատուածին` միշտ հաւատալով, որ հզօր սփիւռքը երաշխիքն է հզօր հայրենիքին: Այսօր տագնապահարը Լիբանանի ժողովուրդն է, որ պատմութեան ընթացքին միշտ փաստած է, որ ունի փիւնիկի յատկութիւն, հետեւաբար այս դժուար փուլը եւս պիտի կարենայ շրջանցել:
Բոլորին համբերութիւն, ուժ եւ կորով: Իսկ Լիբանանին` խաղաղութիւն եւ կայունութիւն:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ
Պէյրութ, 20 Դեկտեմբեր 2019