Ուրբաթ 20, Դեկտեմբեր 2019 -ի գիշերուան ժամը 10։30-ին, ազգային պատուիրակութեամբ Գամիշլի ժամանեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդը, որուն ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան, արժանապատիւ քահանայ հայրը, Պատկան Մարմինի եւ Թաղականութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ։

Շաբաթ,21 Դեկտեմբեր առաւօտուն սրբազան հայրը, իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդը, քահանայ հայրը, Պատկան Մարմնի եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ այցելեցին Գամիշլիի մէջ Պետական կեդրոններ, Պաաս կուսկցութեան գրասենեակ եւ շրջանի պետական տնօրէնին գրասենեակը, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցան։
Եղբայրական մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումներուն արծարծուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր։
Սրբազան Հայրը շեշտեց հայութեան անսակարկ նուիրումը Սուրիական Հայրենիքին եւ հաւատարիմ պատկանելիութիւնը։ Ապա կարեւոր համարեց Սուրիոյ ժողովուրդին միասնականութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով սուրիական բանակին աննահանջ երթը դէպի վերջնական յաղթանակ եւ Սուրիոյ ժողովուրդին համախմբումը մէկ դրօշի ներքեւ, երկրին վսեմաշուք նախագահ Պաշար ալ Ասատի խոհեմ ղեկավարութեամբ։

Իրենց կարգին կուսակցապետն ու նահանգապետը բարի գալուստի խօսքերէն ետք բարձրօրէն գնահատեցին սուրիահայութեան հաւատարմութիւնը Սուրիական Հայրենիքին, վեր առնելով անոր զոհաբերումը եւ Սուրիոյ յաղթանակին ու վերականգնումի աշխատանքներուն սատարելու համար առաջատար դիրքերու վրայ կանգնիլը։