Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեցեցւոյ մէջ մեծ շուքով սկիզբ առաւ Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Մասիս Եպիսկոպոս Զօպուեանի։ Հոգեւոր հայրերէն, դպրաց դասէն ու բազում հաւատացեալներէն կազմուած թափօրը Սրբազան Հայրը առաջնորդարանի դահլիճէն առաջնորդեց դէպի Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, ուր տեղի պիտի ունենար սարկաւագաց ձեռնադրութիւնը։
Գամիշլիահայութիւնը կը ցնծար՝ վերակենդանացնելով քսան տարիէ ի վեր մոռացութեան մատնուած ձեռնադրութեան աւանդոյթը, որ ազդանշան է զարթօնքի եւ վերակազմակերպման, ինչպէս նաեւ թօթափումն է պատերազմի պատճառած ցնցումներուն։
Յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւն՝ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մասիս Սրբ․ Եպիսկոպոս Զօպուեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի։
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ընկերակցութեամբ դաշնակահար Քրիստափոր Միքայեալեանի եւ ջութակահար Յարութ Մատարճեանի։
Սարկաւագական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ երկու փուլով, «Զի ողորմած եւ մարդասէր ես Աստուած…»էն անմիջապէս ետք, Ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը «Ուրախ Լեռ Ս. Եկեղեցի» շարականի երգեցողութեան ընթացքին, խնկարկելով օրհնեց սուրբ Սեղանն ու հաւատացեալ բազմութիւնը, ապա նստեցաւ գահին: Հուսկ, Խարտաւիլակ Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն Աբղ. Եղեայեանի առաջնորդութեամբ՝ ընծայեալները դասէն, սաղմոսներու ընթերցումով, երեք անգամ ծնկաչոք աստիճաններէն դէպի բեմ բարձրացան եւ սկսաւ ձեռնադրութեան հոգեպարար արարողակարգը: Երգուեցաւ «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» զգայացունց շարականը: Ձեռնադրութեան երկրորդ փուլին ձեռնադրիչ սրբազան Հայրը նորոգ ձեռնադրեալ սարկաւագներու բազուկէն ուրարը առնելով դրաւ անոնց ձախ ուսին, որպէս խորհրդանիշ Քրիստոսի ծառայական քաղցր լուծը մասամբ կրելու կարողութեան։ Սարկաւագութեան կարգ ստացան՝
Սերոբ Սրկ. Պետրոսեան
Ազատ Սրկ. Լահտոյեան
Գրիգոր Սրկ. Տէր Նիկողոսեան
Սարգիս Սրկ. Սիմոնեան
Ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք կարդացուեցաւ Վեհափառին կողմէ ուղարկուած Սրբատար Կոնդակը, որով Արժն. Տ. Պսակ Քհյն. Պէրպէրեանկին կը շնորհէր Լանջախաչ կրելու իրաւասութիւնը։
Սրբազան Հայրը իր քարոզին ընթացքին նախ որդիական իր ողջոյնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, անոր մաղթելով՝ քաջառողջ եւ արեւշատ օրեր իր ծառայական կեանքին ընթացքին, մասնաւորապէս նշելով, որ կը թեւակոխենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կաթողիկոսական ծառայութեան 25-ամեակը։ Սրբազան հայրը մաղթեց, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը միշտ ուղեկցի Վեհափառ հօր՝ յարատեւ պահելով անոր ուժն ու կորովը եւ եռանդուն ու ծաղկուն գործունէութիւնը։ Սրբազան Հայրը նաեւ ողջունեց Սուրիոյ մէջ գտնուող հոգեւոր պետերը, որոնք անձնուրացաբար կը կատարեն իրենց սրբազան առաքելութիւնը։ Ան ողջունեց նաեւ սուրիական հողին վրայ ապրող բոլոր հայերը եւ քոյր համայնքներու բոլոր քրիստոնեաները, որոնք քրիստոնեային վայել հաւատքով դիմացան բոլոր դժուարութիւններուն։ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը գնահատեց այն բոլոր աշխատանքները, որոնք այժմ կը կատարուին Ճեզիրէի գաղութէն ներս, ան արժեւորեց վերակազմաւորման նախաձեռնութիւնները, որոնք արդիւնք են վեհափառ հայրապետին բոլոր թեմերուն ուղղուած կոչին։ Սրբազան հայրը գոհունակութեամբ շեշտեց Ճեզիրէի հայութեան հայրենասիրական, ազգասիրական եւ եկեղեցասիրական ոգին, որ ի սպաս կը դնեն համայնքի պահպանման եւ իբրեւ այդպիսին անոնց անունը սփռուած է աշխարհով մէկ՝ վստահեցնելով, որ գամիշլիահայութիւնը նոյն թափով, նոյն նուիրումով ու ոգիով պիտի շարունակէ իր հայանպաստ ծառայութիւնը, մաղթեց որ տիրոջ ձեռքը միշտ հովանի ըլլայ անոնց եւ պաշտպանէ՝ չարի բոլոր վտանգներէն ու նետերէն։ Սրբազան հայրը իր պատգամի աւարտին շնորհաւորեց քահանայ հայրը իր Լանջախաչ կրելու իրաւաստութեան համար, ինչպէս նաեւ ձեռնադրուած սարկաւագները, յաջողութիւն մաղթելով անոնց եւ օրհնելով անոնց առաքելութիւնը։
Յետ պատարագին, Դպրաց Դասը թափօր կազմած եկեղեցիէն դուրս ուղղուեցաւ, ուր եկեղեցւոյ դրան առջեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը կը սպասէր սրբազան հօր։ Շեփորախումբը միացաւ թափօրին, որուն միացած էին նաեւ քոյր Ասորի Համայնքի Առաջնորդ Տ. Մօրիս Եպս. Ամսիհը եւ այլ եկեղեցականներ։ Թափօրը Հասաւ Առաջնորդարանի բակը։ Շեփորախումբը փունջ մը նուագներ հրամցուց մեր ժողովուրդին։ Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» եւ «Ի Վեհ Բարձանց» մաղթերգներով։
Աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը առաջնորդարանի դահլիճէն ներս աջահամբոյրով ողջունեց սրբազան հայրը։
Իսկ յետմիջօրէին սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ ազգային եւ միութենական մարմիններու վարչութիւններուն հետ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց Ճեզիրէի տարածքին բոլոր միութիւններուն նուիրեալ աշխատանքը՝ մաղթելով բոլորին յարատեւ յաջողութիւն եւ նոր տարուան շեմին մաղթեց, որ 2020 տարին ըլլայ բարեբեր տարի մը բոլորին համար։