«Երկիր».-Շուէտի Բարձրագոյն դատարանը մերժած է Թուրքիոյ իրաւապահներու պահանջը` յանձնել յայտնի թուրք հրատարակիչ եւ իրաւապաշտպան Ռակըփ Զարաքօլուն:

Թրքական Gazeteduvar–ի հաղորդումով` Թուրքիան կը պահանջէ Ռակըփ Զարաքոլուն` անոր մեղադրելով PKK–ի հետ կապեր ունենալով:

Դատարանի որոշումը պէտք է հաստատէ նաեւ Շուէտի խորհրդարանը:

Յիշեցնենք, որ Ռակըփ Զարաքօլուն յայտնի իրաւապաշտպան եւ հրատարակիչ է Թուրքիոյ մէջ: Անոր գլխաւորած «Պելկէ» հրատարկչատունէն տպագրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիրքեր: Զարաքօլուն Փետրուար 2011-ին եւ Դեկտեմբեր 2013-ին այցելած էր Հայաստան: