Երկուշաբթի, 23 Դկտեմբերի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին, այցելեց Գամիշլիի Ազգային Միջնակարգ վարժարան, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ հոգաբարձութեան տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։
Սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցան վարժարանի աշակերտութեան հետ, որ այսօր աւարտած էր կիսամեայի իր վերջին քննութիւնը։
Հանդիպումին ընթացքին վարժարանի տնօրէն տիար Կարպիս Շիրիքճեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ապա սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու բարի մաղթանքները ուղղեց տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ աշակերտներուն,
շեշտելով ազգային դպրոցներու սրբազան առաքելութիւնը՝ պահպանելու հայ լեզուն, կրօնը եւ ազգային դաստիարակութեամբ սերունդներ պատրաստելու առաքելութիւնը։ Գերշ. Տէր Մասիս դիտել տուաւ, որ եկեղեցին եւ դպրոցը զուգահեռաբար, քայլ առ քայլ իրարու զօրավիգ կանգնելով Սփիւռքի դժուարին պայմաններուն մէջ կը պահեն մեր ժողովուրդին ազգային դիմագիծը։ Իր խօսքի աւարտին, ան յաջողութիւն մաղթեց մեր նորահաս սերունդին, որպէսզի ան շարունակէ հայապահպանման գործընթացը, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն մաղթեց մեր Սուրիական Հայրենիքին, անոր քաջարի բանակին եւ վսեմաշուք նախագահ Պաշար ալ Ասատին։

Աւարտին սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ հոգաբարձութեան հետ, մօտէն հետեւելու ազգային վարժարաններու ներկայ իրավիճակին։ Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց բոլոր այն աշխատանքները, որոնք ազգային վարժարանները կ՚առաջնորդեն դէպի նորանոր յաջողութիւններ։