ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակը յայտարարութիւն տարածել Ագուլիսի հայկական ջարդերու 100-ամեակին առիթով:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«Այսօր մենք կը յիշատակենք Ագուլիսի հայկական եղեռնագործութեան 100-րդ տարելիցը: Մէկ դար առաջ`24-25 Դեկտեմբեր 1919-ին խաղաղ հայ բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ զանգուածային կոտորածի, իսկ Նախիջեւանի այս հինաւուրց հայկական բնակավայրը վերածուեցաւ աւերակի:
Արժանայիշատակ է, որ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կառավարութիւնը, ի պատասխան այս ջարդերուն, դիմած էր միջազգային հանրութեան եւ, մասնաւորապէս` Անտանտի երկրներուն` իր տարածքին մէջ իրականացուող բռնութիւնները կանխարգիլելու եւ տարածաշրջանի հայերու անվտանգութիւնը ապահովելու կոչով:
Դժբախտաբար Նախիջեւանի հայերուն դէմ գործած յանցանքները չսահմանափակուեցան միայն 20-րդ դարու պատմութեամբ, այլեւ նոր դրսեւորում ստացան մեր օրերուն, երբ ատրպէյճանական իշխանութիւնները, վերջնականապէս հայաթափելով Նախիջեւանը, իրականացուցին նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած եւ զանգուածային ոչնչացում: Հետեւաբար ամբողջովին աւերուեցան հազարաւոր քրիստոնէական յուշարձաններ` եկեղեցիներ, վանքեր եւ խաչքարեր` Ջուղայի, Ագուլիսի մէջ եւ այլուր: Ատրպէյճանական բանակի զինծառայողներու կողմէն միջնադարեան քրիստոնէական արուեստի գլուխգործոցներ համարուող Ջուղայի հազարաւոր խաչքարներու ոչնչացումը, որ փաստագրուած է տեսաձայնագրութեամբ, կը մնայ համաշխարհային պատմութեան մէջ որպէս մշակութային վայրագութիւններու անգերազանցելի դրսեւորում:
Այսօր, այս ողբերգական դէպքերէն հարիւր տարի անց, Հայաստանը առաւել քան վճռական է պաշտպանելու եւ ապահովելու հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ խաղաղ զարգացման իրաւունքը իր պատմական հայրենիք Արցախի մէջ»: