«Արմէնփրէս».-Թուրքիան ռազմական գործակցութեան համաձայնագիրով  17 մլն տոլար դրամաշնորհ կը յատկացնէ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան: Վրաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններու միջեւ ռազմական գործակցութեան մասին համաձայնագիրը, որուն մէջ կը յատկացուին միջոցները, ստորագրուած է Անքարայի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ղարիբաշուիլիի եւ Թուրքիոյ անոր պաշտօնակից Խուլուսի Աքարի միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններէն ետք:
Հանդիպումին Ղարիբաշուիլին շնորհակալութիւն  յայտնած է Աքարին Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու համար, ինչպէս նաեւ յայտնած է Թուրքիոյ դերը ՆԱԹՕ-ին Վրաստանի ներգրաւման գործընթացին մէջ: Բանակցութիւններուն մէջ քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ վրաց-թուրքական գործակցութեան խորացման ուղիները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ գործակցութիւնը եռաչափ ձեւաչափով, յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ, հաղորդած է «գրուզիա Online»-ը: