Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին նահատակ՝ Սուրբ Ստեփանոս սարկաւագը քրիստոնէական հաւատքին համար նահատակուելով արժանացաւ մարտիրոսութեան պսակին, օրինակ հանդիսանալով հաւատացեալ ժողովուրդին: Դեկտեմբեր ամսուն յիշատակուող Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնը ծառայութեան ոգին ներշնչող եւ հաւատքի ուժականութիւնը փոխանցող տօն է բոլորիս համար:
Երեքշաբթի 24 Դեկտեմբեր 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Քահանայից Դասուն եւ հաւատացեալ Ժողովուրդին ներկայութեամբ արժանավայել կերպով նշուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի Տօնը, մասնակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի սարկաւագներուն: Հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց Պատարագիչ Հայր Սուրբը:
Այս առիթով, յետ ժամերգութեան մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի:
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Թեմի եկեղեցիներուն Դպրաց Դասերը:
Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան, որ լուսարձակի տակ առնելով քրիստոնէութեան առաջին սարկաւագին վարքը նշեց, որ Սուրբ Ստեփանոս իր վկայութեամբ հաւատքի ռահվիրան ու ջահակիրը եղաւ, եւ իր մահով՝ նահատակութեան եւ մարտիրոսութեան դուռը բացաւ:
Հայր Սուրբը կոչ ուղղելով սարկաւագներուն, Պօղոս Առաքեալի խօսքը մէջբերեց եւ պատուիրեց, որ Աստուածպաշտութեամբ զինուին եւ Ս. Ստեփանոսի օրինակով շարունակեն անշահախնդրօրէն ծառայել Աստուծոյ եւ ժողովուրդին:
Այնուհետեւ սարկաւագները Սուրբ Խորանէն վար իջնելով «Փառք Ի Բարձունս»ի երգեցողութեամբ փառաբանեցին Ամենակալը եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայանալով խնկարկեցին:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ օրուան յայտագիրը վարեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետ՝ Բարշ. Սարգիս Սրկ. Իսկէնեան:
Սարկաւագներուն անունով ուղերձ արտասանեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ նորանշանակ դպրապետ՝ Բարշ. Սարգիս Սրկ. Սարգիսեան պարզաբանելով սարկաւագներուն ծառայութեան կոչումը եւ խոստանալով հաստատուն մնալ հաւատքի ծառայութեան մէջ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սարկաւագներէն Բարշ. Գօգօ Սրկ. Տէր Վարդանեան մեներգեց «Բարի Հայրիկ» երգը: Ապա, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրուհի Աննա Սաղպազարեան «Նարեկ» աղօթամատեանէն արտասանեց (Բան ՂԳ) համարը:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը յայտնելով, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին սարկաւագներուն սաղաւարտ կրելու իրաւունք կը շնորհէ, տարին մէկ անգամ, առ ի գնահատանք եւ մեծարանք: Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց երէց եւ երիտասարդ բոլոր սարկաւագները, մաղթելով աննահանջ երթ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան անդաստանէն ներս:
Լուսահոգի Զարեհ Սրբազանին «Հայր Մեր»ը հնչեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ Դպրաց Դասին կատարողութեամբ: Աւարտին, բոլոր ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տիկնաց յանձնախումբին կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ:
Տօնական օրերու նախօրեակին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ բոլոր դպիր-դպրուհիները ստացան քաջալերական նուէրներ: