Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբերին, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ատնան Սուլէյման եւ Պաաս կուսակցութեան Հասիչէի նահանգի պատասխանատու մարմնի անդամ Ասիա Պետրոսեան այցելեցին սրբազան հօր։
Հանդիպման ներկայ էին Ճէզիէի առաջնորդակն փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. եղիայեանը, քահանայ հայրը եւ թաղականութեան անդամները։ Մտերմիկ եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ քննարկուեցան Ճեզիրէի շրջանի տիրող կացութիւնը եւ ներկայ դժուար պայմանները։ Սրբազան հայրը կրկին շեշտեց սուրիահայութեան անխոնջ նուիրումն ու հաւատարմութիւնը հանդէպ սուրիական հայրենիքին վսեմաշուք նախագահին եւ սուրիական քաջարի բանակին։