ՀՅԴ-ի համար հայրենադարձութիւնը միշտ եղած է ռազմավարական կարեւորագոյն հարց, եւ մեր կուսակցութիւնը իր ներուժով միշտ զօրավիգ կանգնած է հայրենադարձութեան:
Վերաբնակեցումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման ամենակարճ ճամբան կը հանդիսանայ: Ծրագրուած, նպատակային վերաբնակեցման քաղաքականութեան իրագործման համար ՀՅԴ-ն անհրաժեշտութիւն կը համարէ.
-Հայրենադարձութեան համար բարենպաստ պայմաններու ապահովում եւ ապագայ տարիներուն համար վերաբնակեցման պետական լուրջ ծրագիրներու կազմութիւն,
-Վերաբնակեցման քաղաքականութեան զուգահեռ` ներգաղթի եւ ներքին քաղաքականութեան ամրագրում` այդ նպատակով ԱՊՀ-ի եւ ՌԴ-ի մէջ ապրող արցախցիներու համախմբում եւ հայրենիք վերադարձի կազմակերպում,
-վերաբնակեցման գործընթացը` համահայկական բնոյթի վերածել` կարելի եղածին չափ ընդգրկելով Սփիւռքի ներուժը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի
2015թ. ՀՅԴ նախընտրական ծրագիր