«Արմէնփրէս».-Աւանդութեան համաձայն, 26 Դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ տեղի ունեցած տարեվերջեան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Արցախի խորհրդարանի 2019-ի գործունէութեան արդիւնքը ներկայացուցած է: Յատկանշական է, որ հանդիպումին արծարծուած հարցերուն զգալի մէկ մասը կ’առնչուէր 2020 թ. տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Լրագրողները, յատկապէս, հետաքրքրուած էին, թէ ի՛նչ է խորհրդարանի ղեկավարին կարծիքը` անհամեմատ մեծ թիւով նոր կուսակցութիւններուն ի յայտ գալու երեւոյթին մասին: Արդեօք, մտահոգի՞չ չէ, որ փոքրիկ երկրի մը մէջ, որ հազիւ մէկ տասնեակի կը հասնէր անոնց թիւը, 2019-ին գրեթէ եռապատկուած է, եւ բոլորը կը ձգտին համապետական ընտրութիւններուն մասնակցելու: Ազգային ժողովի նախագահը նման երեւոյթը շատ բնական համարեց ընտրութիւններու նախաշեմին եւ անհրաժեշտ նկատեց քաղաքական բոլոր ուժերուն առիթ տալ ինքնադրսեւորուելու եւ շահելու ընտրողներուն վստահութիւնը: Անոր համաձայն, անոնք որոնք կը դիմանան մրցապայքարին, վստահաբար դէպի առաջ կը շարժին, իսկ անոնք որոնք դուրս կը մնան պայքարէն` ստիպուած պիտի դադրեցնեն իրենց գործունէութիւնը եւ անհետանան քաղաքական դաշտէն: