Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի անդամները 25 Դեկտեմբերին այցելած են Արցախի սահմանամերձ Մատաղիս եւ Թալիշ համայնքները եւ ամանորեայ նուէրներ յանձնած են տեղւոյն աշակերտներուն ու մանկապարտէզներու սաներուն:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ԱՄՆ Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու եւ անհատ բարերարների հովանաւորութեամբ գրենական պիտոյքներ, խաղալիքներ, անձնական մաքրութեան միջոցներ, քաղցրեղէն ու հագուստի տարբեր պարագաներ պարունակող տուփերը փոխանցուած են յիշեալ երկու համայնքներու փոքրիկ բնակիչներուն:
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեան յայտնած է, որ վերջին անգամ ՀՕՄ-ը Մատաղիս եւ Թալիշ այցելած էր Դեկտեմբեր 2015-ին ապրիլեան պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ եւ հիմա այնքան ուրախ են` կրկին տեսնելով աշակերտներու աշխուժութիւնն ու եռուզեռը դպրոցներուն մէջ:
Մատաղիսի միջնակարգ դպրոցին մէջ այժմ կ’ուսանին 106 աշակերտ: Դպրոցի տնօրէն Գեղամ Աղաջանեանի խօսքին համաձայն վերջին տարիներուն գիւղի դպրոցականներուն թիւը համարեա չէ փոխուած: Ըստ անոր` ՀՕՄ-ը մշտապէս կապի մէջ է դպրոցին հետ եւ կ’աջակցի: Թալիշի նորակառոյց միջնակարգ դպրոցի ուսումնական տարին մեկնարկածկ է այս տարուան 14 Նոյեմբերին, այժմ կը սորվին 26 աշակերտներ, որոշ ընտանիքներ իրենց բնակարաններու շինարարութեան աւարտէն ետք կը վերադառնան Թալիշ: Թալիշի դպրոցի տնօրէն Տանեա Մեժունցը գոհ է նոր դպրոցի պայմաններէն, միայն որոշ մասնագէտներու կարիք ունի: Անոր խօսքով` նման այցելութիւնները եւ ուշադրութիւնը կ’ոգեւորեն բոլորը:
Աւելցնենք, որ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի Վարչութեան եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամները մասնակցած են Մատաղիսի եւ Թալիշի դպրոցներու ամանորեայ գեղեցիկ հանդէսներուն, որոնց ընթացքին փոխանցած են նուէրները: