Սուրիոյ մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ականազերծները 8 Փետրուարէն մինչեւ 28 Դեկտեմբեր 124 հազար քառակուսի մեթր տարածք ականազերծած են, իսկ խումբի բժիշկները իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են աւելի քան 8500 հիւանդի` առանց տարիքի, սեռի, ազգութեան ու դաւանանքի տարբերութեան:
«Սուրիական իշխանութիւնները պարբերաբար կը նշեն, որ երախտապարտ են հայ մասնագէտներուն` բազմաթիւ կեանքեր փրկած ըլլալու համար», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Աղբիւրին համաձայն, Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի մասնագէտները 2019 տարեշրջանի ընթացքին ականազերծման աշխատանքներ իրականացուցած են նաեւ Հայաստանի մէջ, յատկապէս, Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բէկ եւ Կոռնիձոր բնակավայրերուն մէջ: Ամբողջ տարուան ընթացքին Ականներու վտանգի իրազեկման մասնագէտները Երեւանի եւ շարք մը մարզերու դպրոցներէն ներս դասընթացքներ կատարած են:
«Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը 2020 թուականին պիտի շարունակէ նաեւ «Մենք Ձեզ ՀետԵնք» նախաձեռնութիւնը: Եկող տարի նոյնպէս սուրիացի փոքրիկներուն համար նուէրներ պիտի ուղարկուին` այս անգամ հիմնականօրէն գրենական պիտոյքներ ու դպրոցական պայուսակներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: