«Ազդակ».-Հայկական երեսփոխանական պլոքի «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութեան բաշխումի աշխատանքները սկսած են արդէն: Անցնող երեք օրերուն այդ աշխատանքները շարունակուեցան Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ֆանարի, Անթիլիասի, Զալքայի, Ամանոսի, Ռաուտայի եւ Մեթնի այլ շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի եւ Զահլէի մէջ:

Այսպէս, Հայկական Երեսփոխանական պլոքը եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ», «Ռուբէն», «Դրօ», «Իշխան», «Շուշի», «Հ. Մարուխեան», «Գ. Նժդեհ», «Թեհլիրեան», «Քրիստափոր», «Սարդարապատ», «Ն. Դուման», «Է. Ակնունի», «Ն. Աղբալեան», «Բերդավայր», «Արամ» եւ «Քեռի» կոմիտէութիւններու ընկերները, ԶՈՄ-ը, ԼԵՄ-ն ու պատանիները, ինչպէս նաեւ ուղեկից միութիւնները, այցելեցին կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կողմէ շնորհաւորեցին հայկական ընտանեկան օճախներն ու հայորդիները եւ յանձնեցին կաղանդչէքը: Աշխատանքները կը շարունակուին: