«Ապառաժ».-ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ, 2020թ. Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան 29 Դեկտեմբերին այցելած է Մարտունի քաղաք եւ ներկայ գտնուած է Պաշտպանութեան բանակի պահեստազօրային սպաներու եւ զինծառայողներու քառասունչորս ընտանիքի բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութեան:
Դաւիթ Իշխանեան իր դիմատետրի էջին մէջ գրած է.
«Կ’ուզեմ յայտնել իմ հիացմունքս ու ոգեւորութիւնս` զինծառայողներու տարիներու վաստակին ընկերային-կենցաղային պայմաններու բարելաւումը արժեւորելով:
Սահմանային բնակավայրերուն մէջ սպայական ընտանիքներու ներկայութիւնը կը խօսի մեր յարատեւման մասին: Այս առումով կ’ուզեմ շնորհաւորել բոլորս եւ մաղթել յաջողութիւններ ու ամենայն բարիք», յիշուած է գրառումին մէջ: