«Էրմէնիհապեր».- Յունաստանի վարչապետ Կիրիակոս Միցոտակիս հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ.« Եթէ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ Միջերկրական ծովին մէջ իւրաքանչիւր կողմի իրաւունքներուն մասին համաձայնութիւն չըլլայ, հարկ պիտի ըլլայ հարցը տեղափոխել Հաակայի Արդարադատութեան միջազգային դատարան»:
Անոր խօսքով Թուրքիան եւ Յունաստանը պէտք է քաղաքական դիւանագիտականութեամբ փորձեն սեփական ջանքերով լուծել այդ հարցը:
Ան յիշեցուցած է, որ Յունաստանն ու Կիպրոսը Թուրքիոյ հետ մշտապէս հարցեր կ’ունենան ցամաքային ու ծովային սահմաններու հարցով: Անդրադառնալով Թուրքիա-Լիպիա ծովային գործակցութեան պայմանագիրին` Միցոտակիս զայն հակաօրինական համարած է:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիան 27 Նոյեմբերին Լիպիոյ կառավարութեան հետ կնքած էր «Ռազմական համագործակցութեան յուշագիր» եւ «Ծովային իրաւասութիւններու սահմնազատման յուշագիր», ուր սահմանուած էին Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի երկու երկիրներու ծովային սահմանները:
Միջերկրական ծովուն մէջ իրաւասութիւններ ունեցող Եգիպտոսն ու Կիպրոսը դէմ էին այդ պայմանագիրին: Յունաստանը եւս չէ ընդունած պայմանագիրը, որովհետեւ անոր մէջ անտեսուած է Կրետէ կղզին: Թուրքիան Դեկտեմբերի սկիզբը դիմած է ՄԱԿ-ին` նշուած պայմանագիրը գրանցելու համար: