«Ես կը հերքեմ այն միտքը, որ անփոխարինելի մարդիկ չկան. Վահանը իր տեսակով, իր նշանակութեամբ, առաքելութեամբ եւ նաեւ իր բացակայութեամբ իսկապէս ցոյց կու տայ` կ՛ըլլան անփոխարինելի մարդիկ, եւ Վահանը այդ անփոխարինելին է», ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի մահուան 5-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութեան ժամանակ «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան:

Հինգ տարի առաջ` 28 Դեկտեմբերին, երկարատեւ ու ծանր հիւանդութեան պատճառով, Գերմանիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց Վահան Յովհաննիսեան: Երեւանի Կեդրոնական գերեզմանատան մէջ ամփոփուած անոր շիրիմին այցելութեան գացած հարազատները, կուսակցական-գաղափարական ընկերներն ու մտերիմները վերստին կը յիշեն եւ կ՛արժեւորեն մեծանուն գործիչին անցած ուղին:

«Հինգ տարի է, որ Դաշնակցութեան մէջ որոշումներ կը տրուին առանց մեր ընկերոջ, եւ յաճախակի` դժուար որոշումներ: Մենք շատ պիտի ուզէինք, որ ընկեր Վահանը այդ որոշումներուն մէջ իր ներդրումը ունենար, իր ճկուն միտքը, իր նուրբ հիւմըրը, իր արդարացի դիրքորոշումը արտայայտէր», նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ-ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան:

«Վահանին բացակայութիւնը շատ կը զգանք բոլորս` ե՛ւ մենք, որ իր ընկերն ենք, զինակիցն ու գաղափարակիցը, ե՛ւ մեր պետականութիւնը: Եւ  ինչքան մեր պետութիւնը կ՛ապրի մարտահրաւէրներու, տագնապներու եւ խռոված իրականութեան մէջ, այնքան Վահան տեսակի բացը, անոր  քաղաքական ու մարդկային կարօտը կը թանձրանայ: Մենք միշտ ներքին զրոյց ունինք Վահանին հետ` ինքը ինչպէ՛ս կը մտածէր, ինքը ի՛նչ կ՛ընէր», օրուան խորհուրդին անդրադառնալով` յայտնեց Լիլիթ Գալստեան:

Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակին առիթով բազմաթիւ  հրապարակումներ ու արձագանգներ եղած են Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: