Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ Ասատին, 2019-2020 տարեշրջանին Դամասկոսի մէջ ընթացող Սուրիոյ Գիտական Ողիմպիականի վերջին փուլի մրցաշարքերուն մասնակից աշակերտներէն՝ 10-րդ կարգէն Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Աբրահամ Աւընեան համակարգչային գիտութիւններու մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը, իսկ Լազար Նաճարեան Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանէն քիմիագիտութեան մէջ Ճորճ Օհագեան՝ 9-րդ դիրքը : Սոյն արդիւնքներուն համապատասխան Հալէպի հայկական վարժարաններու երկու մասնակիցները մաս կը կազմեն Սուրիոյ Գիտական Ողոմպիականի ազգային խումբին:
Նշենք, որ սոյն մրցաշարքին որպէս քիմիագիտութեան մարզիչ իր մասնակցութիւնը բերաւ Շաղիկ Տաղլեան-Պարսումեան:
Կը շնորհաւորենք մեր ժրաջան աշակերտները, իրենց ուսուցչուհիները եւ հայկական վարժարանները։