Կարելի է ըսել, որ 2019-ն սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման առումով անսպասելի զարգացումներու տարի մը եղաւ: Սկսելով ՏԱՀԵՇ-ի, որպէս ահաբեկչական ամբողջական մարմին անկումէն, հասնելով ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի սուրիական հողերէն դուրս գալու որոշումն ու անոր բեկանումը, ապա սուրիական քարիւղը թալանելու ախորժակին սրումը, եւ այսպիսի լպրծուն քաղաքականութեան որպէս արդիւնք թրքական ուժերու Սուրիոյ հիւսիսարեւելք թափանցումը, փոխարէնը սուրիական բանակին տուեալ շրջաններ լայն տարածումը, յետ ՔԱՍԱՏ խմբաւորման գոյացած համաձայնութեան: Սուրիական բանակը այնուհետեւ յառաջացաւ Համայի հիւսիսային եւ Իտլիպի հարաւային արուարձաններուն մէջ, ազատագրեց ռազմավարական դիրք ունեցող բազմաթիւ գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ:
Տնտեսական գետնի վրայ, 2019-ին Սուրիոյ ժողովուրդը տնտեսական վատ պայմաններու դէմ յանդիման գտնուեցաւ: Վիճակը բարդացուց ամերիկեան «կայսեր» պատժական օրէնքը որուն համաձայն Սուրիոյ կառավարութեան հետ գործակցող իւրաքանչիւր ընկերութեան դէմ պատժամիջոցներ որդեգրուեցան: Այս բոլորով մէկտեղ, 2019-ի աւարտին Սուրիան ականատես դարձաւ աշխատավարձերու աննախադէպ յաւելումին: Տնտեսական հարցերու մասնակի լուծման միտումով, Սուրիան յարակից եւ դաշնակից պետութիւններու հետ գործակցութեան նոր հորիզոններ բացաւ: Նախ զարգացաւ տնտեսական գործակցութիւնը Թեհրանի հետ, որ հակառակ իր վրայ պարտադրուած պատժամիջոցներուն, Սուրիոյ տնտեսութեան զօրավիգ հանդիսացաւ, յատկապէս վերականգնումի աշխատանքներուն:
2019-ն վճռորոշ տարի մըն էր սուրիական տագնապի պատմութեան մէջ նաեւ այլ առումով: Ժընեւի մէջ սկիզբ առին սուրիական սահմանադրութեան վերամշակման յանձնախումբին աշխատանքները՝ Սուրիոյ կառավարութեան, քաղաքային հասարակութեան ու ընդդիմութեան պատուիրակութիւններով: Վերջինս, սակայն, թրքա-ամերիկեան չափանիշներով որոշումներ որդեգրել սկսաւ, ինչ որ մղեց սուրիական ազգային պատուիրակութիւնը խստիւ մերժելու ընդդիմութեան առաջարկները:
2019-ին, Սուրիան ականատես դարձաւ նաեւ իսրայէլեան յարձակումներու: Իսրայէլ, որպէս աջակցութիւն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու, բազմաթիւ յարձակումներ գործեց սուրիոյ հարաւային տարածքներուն վրայ, սակայն սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը վար առին ու ձախողութեան դատապարտեցին զինուորական թիրախներ ընտրած այդ յարձակումները: