Տարուան ամէնէն հետաքրքրական ու խորհուրդներով լեցուն ամիսը հասած ենք։ Շաբաթներ առաջ ձիւնածածկ քաղաքին տեսքը կերպարանափոխուած է, ու գունաւոր լոյսերը իրենց ջերմութիւնը կը փորձեն սփռել ամէն դի։ Պետութիւնը յատուկ պիւտճէ մը կը յատկացնէ այս առիթով, որ պահ մը թեթեւցնէ սաստիկ պաղին ու ձիւնին բացասական ազդեցութիւնը սպիտակ քաղաքին վրայ։ Իսկ մարդիկ իրենց երեւակայութեան թափ տալով կը զարդարեն բնակարանները, ապա կ’անցնին տան արտաքին բաժինը զարդարելու եւ լոյսերու անհամար լարերով կ’ողողեն թուփերն ու պատուհաններուն եզրերը՝ բազմապատկելով արդէն իսկ գեղեցիկ տան արտաքին տեսքը ու վերածելով զայն երազային աշխարհի մէկ մասնիկին։
Հոգիս ցնծութեամբ կը լեցուի տօնական օրերու նախօրէին։ Հաւանաբար մանկութիւնս կը յիշեմ, երբ անհամբեր կը սպասէինք որ ընտանեօք տօնածառը զետեղէինք սենեակին մէկ անկիւնը ու սկսէինք լոյսերուն երկար, շատ երկար լարը տեղաւորել ու շրջանակներ կազմելով հասնիլ դէպի գագաթ, յետոյ փայլփլուն եւ գունաւոր խաղալիքներ ու գնդակներ կախէինք անոր լայն թեւերուն վրայ։ Իսկ տօնածառը իր ամբողջական տեսքը կը ստանար, երբ անոր կատարին հաստատէինք ոսկեգոյն աստղը։ Որքա՜ն կը զուարճանայինք երբ ելեկտրական լարը միացնէինք ու տօնածառը պսպղար գունաւոր լոյսերով, յաւելեալ փայլք մը ստանալով… տունը յարդարելու գործողութիւնը կ’երկարէր ու կը հասնէր աւարտին, երբ իւրաքանչիւր անկիւն իրեն յարմար զարդով մը կ’օժտուէր։
Որքան օրերը մօտենային, այնքան փողոցի եռուզերը կ’աւելնար։ Մարդիկ ցանկ մը ձեռքերնուն կ’արտորային շուկայ, Ամանորին աւանդական չիր-չամիչի սեղանը պատրաստելու եւ ուտեստեղէնի պաշարը ապահովելու նպատակով։
Նուէրներու ցանկ մըն ալ հարկաւ գոյութիւն կ’ունենար։ Ամիս մը առաջ «մեծեր»ը կ’ուսումնասիրէին շուկային խաղալիքները եւ իրենց փոքրերուն գրած նամակին յարմարցնելով առատաձեռն «Կաղանդ Պապան» այդ նուէրները կը բերէր, մեծ ուրախութիւն պատճառելով անոնց։
Փոքր տարիքիս, հասակակիցներուս նման մեծ ուրախութիւն կ’ապրէի, երբ Կաղանդ Պապան անունս տար։ Մեծ ակնածանքով կը մօտենայի ու տօնածառին կողքին նստած Կաղանդ Պապային աջը համբուրելէ ետք նուէրի ծաւալին համաձայն երգ կամ երգեր, արտասանութիւն կամ արտասանութիւններ կը թոթովէի, ետքը արագ մը կը գրկէի ու մէկ կողմ կը պահէի «գանձ»երս։
Տարիներ ետք, սակայն, հասունցայ թերեւս, մէջս այլ զգացում մը յառաջացաւ։ Անշուշտ որ կ’ուրախանայի եւ շոյուած կը զգայի, երբ նուէր մը ստանայի։ Այլեւս կարեւորութիւն չէի տար անոր ծաւալին, ինծի համար կարեւորը տալու ձեւն ու կամեցողութիւնն էին։ Ու ժամանակի ընթացքին ինծի համար նուիրելու պահը աւելի հաճելի դարձաւ քան նուէր ստանալը, որովհետեւ օրեր կը մտածէի խնդրոյ առարկայ անձին անհատական գիծերուն, բնաւորութեան եւ նախասիրութիւններուն մասին եւ ինքնաբերաբար այդ առիթով գուցէ նոր առանձնայատկութիւններ ալ պարզուէին իմ դէմ ու աւելի լաւ ճանչնայի զայն։ Յարմար նուէրը ընտրելէս ետք, կու գար ամէնէն կարեւոր պահը՝ նուիրելը։ Ուշի ուշով կը հետեւէի անձին առաջին արտայայտութեան, թէ ինչպէ՞ս ծրարուած նուէրը կը բանայ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ կը տեսնէ զայն ու ինչպէ՞ս դէմքը կը պայծառանայ, երբ տեսնէ թուղթերուն մէջ պահուած նուէրը, թէ ի՜նչ մեծ ժպիտով կը նայի ինծի ու նախքան բառ մը արտասանելը արդէն հասկնալի կ’ըլլայ իր ներքին ապրումը …
Ահա այդ պահն է, որ զիս կը հետաքրքրէ հիմա։ Որքա՜ն կարեւոր է այս արարքը։ Նուիրելը։ Հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կ’ունենաս, երբ կը նուիրես ու այդ նուէրին հետ կը փոխանցես ժպիտ, յոյս եւ սէր.հաւանաբար ինք այդ բոլորէն միայն ջնջին մէկ բաժինին կարիքը ունի, սակայն պէտք ունի անոր։
Վստահ եմ, որ ձեզմէ շատեր այս ձեւով կը մտածեն ու կը գործեն։ Փորձենք այս վարքը տարածել մեր շուրջը գտնուող մարդոց ու վարակենք շատերը, որովհետեւ իսկապէս հաճելի է տեսնել մարդիկ, որոնց պըզտիկ ուշադրութեամբ մը երջանկութեան պահեր կը շնորհենք ու յաճախ ալ օրհնութեան կ’արժանանանք։
Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ։ Թող խաղաղութիւն ու երջանկութիւն տիրէ ամէն կողմ ու սիրելի Հալէպս վերագտնէ իր երբեմնի փայլքն ու հզօրութիւնը։
Շողիկ Ազարիկեան