Երկար օրուան մը հեւքէն յոգնաբեկ, իրիկուան կը հասնիմ տուն ու կը վայելեմ տօնածառին լոյսերն ու մսուրին խորհրդաւոր տեսքը, ուր քնացած անմեղ մանուկը աշխարհ եկած է իշխելու ոչ թէ ուժով, բռնութեամբ, այլ՝ սիրով: Յանկարծ անտեսանելի անձի մը շշուկը կ’ընդհատէ խաղաղ պահս: Հարցում մըն է, որ զիս խուճապի կը մատնէ ու մտածումներու արշաւ մը թափ կ’առնէ մտքիս մէջ: Հարցումը սովորական պէտք է թուի, ինչո՞ւ խուճապի կը մատնուիմ ուրեմն…։
Ի՞նչ էր հարցումին նպատակը, զիս շփօթի մատնե՞լ, թէ հաշուետուութեան հրաւիրել, արդեօ՞ք՝ խղճիս խայթը հրահրել…։
Սկսայ մտածել 2019-ի ըրածներուս ու չըրածներուս մասին, ամիս առ ամիս: Իրագործած աշխատանքներս մտովի քննարկեցի, չիրագործածներուս համար ափսոսացի: Վա՜յ, միութենական տեղեկագի՞ր կը պատրաստեմ: Քիչ մնաց նիւթական հաշուեկշիռ մըն ալ ներկայացնեմ ես ինծի:
Սխալ չէ տրամաբանութիւնս, սակայն այդ աստիճան խիստ հարցուփորձի կարիք չկայ, մտածեցի: Այսպիսի հարցումներ կ’ուղղենք մենք մեզի Ամանորի սեմին ու կը մտաբերենք անցնող տարին: Ի՞նչ միջոցներով օգտակար դարձանք մեր միջավայրին, քայլ մը առաջ գացի՞նք ու տարի՞նք մեր ընկերութիւնը, հասարակութիւնը, հետեւաբար մարդկութիւնը, նոյնիսկ մեր համեստ ճիգերով:
Կը փորձեմ բանաձեւել շշուկի մեղմութեամբ հնչող հարցումը: Ի՞նչ է երջանկութեան գաղտնիքը: Պարզապէս ուրախանալու եւ ուրախացնելու մէ՞ջ է երջանկութիւնը: Ծառայութեա՞ն մէջ է արդեօք, Աստուծոյ մեզի պարգեւած կարողութիւններն ու շնորհքը ի սպաս դնելով շրջապատին: Յաջողութեա՞ն մէջ է, երբ մեր տքնաջան աշխատանքին պտուղը քաղելով կ’ուրախանանք ու կ’ուրախացնենք մեր շրջապատը:
Շրջապա՜տ: Հո՞ն է արդեօք գաղտնիքը, թէ որքանով նոր բարեկամութիւններ հաստատեցինք… իսկական ընկերութիւններուն կ’ակնարկեմ, ոչ թէ անոնց, որոնք մերթ ընդ մերթ դիմատետրի նամակատուփին ազդարարութեամբ ընթացք կ’առնեն, ապա կը վերանան:
Օ՜հ, շուարեցայ: Ո՞ւր փնտռել ուրախութեան գաղտնիքը: Իւրաքանչիւրս իր դիտանկիւնէն կը նայի կեանքին ու կ’ըմբռնէ ուրախութիւնը: Իւրաքանչիւրս իւրովի կը վերլուծէ մարդոց վարուելակերպն ու բարեկամական յարաբերութիւնները:
Ո՞ւր պէտք է փնտռել ուրեմն երջանկութեան գաղտնիքը, յատկապէս երբ Նոր Տարուան սեմին գողտրիկ տխրութիւն մը կը պատէ մեզ ու մեր կեանքը ամբողջ պաստառի մը վրայ կը ներկայանայ կարծէք մեր աչքին առջեւ: Գաղտնիք չկայ: Երբ կեանքը կ’ապրինք այնպէս ինչպէս կ’ուզենք, գաղտնիքը բացայայտած կ’ըլլանք…։
Ապրինք ուրեմն իւրաքանչիւր պահ ու մթնոլորտ՝ յուզիչ ըլլայ ան, թէ ուրախութիւն պարգեւող, մե՛րն է ան վերջապէս, մե՛ր կեանքը կը համեմէ: Շրջապատին հաւանութի՞ւնը… այդ չէ էականը, բոլորը գոհ ձգելու ճիգէն ձերբազատինք, մեր մտքին, սրտին ու խղճին անսանք: Հոգիներուն խաղաղութիւն ու սրտերուն բերկրանք ցանկանք: Անցեալի մտավախութիւններէն ձերբազատինք ու ինքնավստահ ըլլանք: Լաւատեսութեամբ ու աշխատանքով մռայլ պատկերն իսկ կրնանք գունաւորել, լուսաւորել… Որոշումը մե՛րն է:
«Գո՞հ էիր դուն քեզմէ 2019-ին»… հարցումը շեշտակի կը հնչէ, շշուկը յստակ ձայնի կը վերածուի: Մտորումներու արշաւս վերջ կը գտնէ արդէն: Պատասխա՞նը… գոհունակութեան ժպիտովս կ’ուրուագծուի:
Սեւանայ Հալլաճեան