Մինաս Թէօլէօլեան իր «Դար Մը Գրականութիւն»ին մէջ (Պոսթըն, 1977) ակնարկելու առթիւ «Հեթանոս Երգեր»ուն՝ կը նշէր որ «չէք կրնար բառ զեղչել այդ քերթուածներուն մէջ, ու չէք կրնար բառերու կամ տողերու շրջում մը կատարել անոնց մէջ, այնքան ճարտարապետականօրէն վայելուչ ու քերթողականօրէն դաշն են անոնք»։

   Յակոբ Օշականն ալ, օրին, բարձր գնահատանքով պիտի արտայայտուէր «Հեթանոս Երգեր»ուն մասին։ Իզմիրի «Հայ Գրականութիւն» պարբերականին մէջ իր ստորագրած երկարաշունչ գրախօսականով (1913–1914), Օշական պիտի զգացնէր, թէ չի խրտչիր բնաւ Վարուժանի յանդուգն պատկերագծումներէն, որովհետեւ բանաստեղծին գրչին տակ «մարդկային միսը իր արժանաւոր պաշտումին մէջն է»։ Այլ խօսքով՝ գռեհկութիւն չկայ այնտեղ։

   Օշական առանձնապէս կը յիշատակէր հատորին «Սադուռնական», «Գինարբուքէն Վերջ» եւ «Հեթանոսական» խորագրով քերթուածները ու կ’աւելցնէր.

   –Բոլոր այս քերթուածներուն մէջ Վարուժան աշխատած է իր ուժերուն ներածին չափ մեզ ետ տանիլ, ե՛տ՝ դէպի անկաշկանդ ու անվերապահ արտայայտութիւնը մեծ կիրքի մը (ըսել կ’ուզէ՝ սիրային-սեռային կիրքը – Լ.Շ.), որուն հանդէպ արդի քաղաքակրթութեան կեղծապարիշտ շիկնումը ես կ’արհամարհեմ բոլոր հոգովս։ Ի՜նչ փոյթթէ մեր ետեւէն բարոյամոլները ահազանգ պիտի փրցնենի՜նչ փոյթթէ ռուսահայերը անաթեմա պիտի կարդան մեր գլխին վրայ։

   Եթէ ուշադրութեամբ կարդանք «Հեթանոս Երգեր»ու առաջին քսան բանաստեղծութիւնները (այսինքն անոնք՝ որոնք կը կազմեն հատորին Ա. գլուխը), պիտի անդրադառնանք որ գո՛նէ  3-4 տեղ բանաստեղծը յստակօրէն կը մերժէ սեռայնութեան գռեհկացումն ու ստորնացումը։    

   Այսպէս, «Գեղեցկութեան Արձանին» ձօնուած բանաստեղծութեան մէջ (որ գիրքը բացող առաջին կտորն է), Վարուժան իր հիացումը կ’արտայայտէ «լոյսով ու տենդով սրբացած» կնոջական մարմնին հանդէպ՝ գրելով.

   Մերկ ըլլաս դուն՝ բանաստեղծի մ’հոգւոյն պէս,

   Եւ հեթանոս այդ մերկութեանդ ներքեւ

   Տառապի՛ մարդն ու չկրնայ դպչիլ քեզ։

 

   Ուշադի՛ր.– « չկրնայ դպչիլ քեզ»։

   Քանի մը էջ անդին, «Ո՜ Տալիթա» քերթուածին մէջ, որ գարեջրատունը ունի իբրեւ միջավայր ու արհեստավարժ պչրուհի մը՝ իբրեւ քնարական հերոս, բանաստեղծը կը խոստովանի.

    Կ’ատեմ կիներն՝ որոնք դիմացն հայլիին

   Դիմաներկեր կը շաղուեն.

   Կը ծծցընեն Ծերակոյտի անդամներ

   Տռփանքներով տարօրէն։

 

   Յաջորդ տողերուն մէջ՝ ան կ’ատէ նաեւ «դահլիճներուն փարթամ կիները», քանզի «իրենց կաւատն է՝ ոսկին»։ Բոլորս ալ կրնանք ենթադրել, թէ որո՞նք են «ծերակոյտի անդամներ»ը եւ թէ ո՞ր ապաբարոյ «դահլիճներ»ու փարթամ կիներուն կ’ակնարկէ բանաստեղծը…։ Անշուշտ գիտենք նաեւ, թէ «կաւատ» կը կոչուին պոռնկութեան միջնորդները…

   Իսկ «Սադուռնական» խորագրեալ բանաստեղծութեան մէջ (Սադուռնը յունական դիցաբանութեան մէջ՝ երջանկութեան եւ ուրախութեան բաշխիչն է), մինչ հեթանոս քաղաքի մը բնակիչները գիշերէն մինչեւ արեւածագ զեխ ու խենթ գինարբուքներ կը սարքեն, բանաստեղծը իր երեւակայութեան աչքերով կը տեսնէ՝

Պալատներուն մէջ՝ խրա՛խ,

Պողոտային վրայ՝ շուրջպա՛ր,

Եւ մթնշաղ անկիւններուն մէջ, աւա՜ղ,

Ումպէտ հոսումն ուղխօրէն

Առնական գա՛ղջ սերմերուն։

 

   Հոս, պէտք է կարեւորութեամբ նկատել առոգանութեան երկար նշանով օժտեալ ձայնարկութիւնը՝ «աւա՜ղ»ը, որովհետեւ անիկա՛ է Վարուժանի միտք բանին բացատրող բանալի բառը. Աւա՜ղ՝ ուղխօրէն (=յորդութեամբ) ումպէտ (=իզուր) հոսող կենարար սերմերուն…

*

   «Հեթանոս Երգեր»ուն Բ. գլուխը «Հարճը»ն էր, որ շատերուն հիացմունքին արժանացած պոէմ մըն է (թարգմանուած է ֆրանսերէնի, Պոլիս, 1914-ին, Ժան Մինասեանի կողմէ)։ Նիւթը քաղուած էր Բ. դարու կէսերէն, այսինքն՝ նախաքրիստոնէական շրջանէն։

   Սիւնեաց Բակուր նահապետը անակնկալ հիւր մը կ’ունենայ։ Տրդատ Բագրատունին է անիկա, որ հայոց Տիրան Ա. արքային փեսան է։ Ան սակայն գժտուելով իր տիկնոջ՝ արքայադստեր հետ, գանակոծեր է զինք ու ապա խուզեր է անոր գանգուր մազերը, յետոյ ալ խոյս տուեր է պալատէն, փրկուելու համար աներոջ պատիժէն։ Հիմա, հասած է Սիւնիք եւ մասնակից է Բակուրին սարքած տօնական մէկ խնջոյքին։ Հոս, կը լսուի Տիրան արքայի անակնկալ մահուան լուրը։

   Կերուխումի սեղանին վրայ՝ Տրդատի աչքերը կը հանդիպին աչքերուն գեղադէմ Նազենիկին, որ Բակուրի հարճերէն մին է։ Անոր պարը կը հմայէ զինք։ Համարձակօրէն կը նստեցնէ զայն իր ծունկերուն վրայ, գինի կը խմցնէ ու կը համբուրէ գգուանքով…։ Յետոյ Բակուրէն կը խնդրէ զայն տրամադրել իրեն։ Բակուր կը մերժէ։ Չի հանդուրժեր Տրդատի համարձակութիւնը։ Բանավէճ մը ծայր կու տայ երկուքին միջեւ։ Տրդատ մետաղեայ սկուտեղ մը կը վերցնէ սեղանէն ու կը նետէ Բակուրի դէմքին, կը վիրաւորէ անոր ականջը։ Հարճը, երկու կրակի միջեւ մնացած, կը պաղատի Տրդատին՝ ազատել զինք այս պալատէն ու փախցնել…։

   Յաջորդ օրը, արշալոյսին, երկուքը կը միանան, ձի կը հեծնեն ու կը փախչին Սիւնեաց հողերէն՝ ուղղուելով դէպի Շիրակ։ Բայց Բակուր իր հետեւորդներով կը հասնի փախստականներուն ետեւէն ու իր արձակած մէկ նետով՝ ծոծրակէն մահացու կերպով կը վիրաւորէ Նազենիկը։ Մինչ Շիրակ գաւառի սահմանը կը հասնին, Տրդատ նո՛ր միայն կ’անդրադառնայ, թէ Նազենիկ փչած էր արդէն իր վերջին շունչը…։ Իր կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ հզօր Տրդատը կու լա՜յ դառնօրէն…։ Չորցած բարտիի մը շուքին տակ կը թաղէ Նազենիկը։ Բարտին յետոյ կը վերնձիւղի՝ աւիշ ստանալով հէք հարճին անշունչ մարմնէն։

   Տեսէ՛ք, թէ Վարուժան ի՛նչպէս նկարագրած է Տրդատի առնականութիւնը.

Կին մը իրեն կը նայէր, կը զգար սրտին մէջ շմոր.

Իր կազմին վրայ կ’հիանար, առնագեղ, խրոխտ եւ հզօր,

Հզօր՝ վիզովն առիւծի, եւ բիբերով աստղայեռ՝

Որոնց բոցէն այրելու համար անգամ մ’իսկ բաւ էր

Որ անոնց մէջ յանդգնէր առնաբաղձ կին մը նայիլ։

Հզօր՝ մարտիկ գլուխով, լայնշի լանջքով անարդիլ

Որ ճօշանին մէջ կ’ուռէր կոհակի պէս փրփրազեղ.

Հզօր՝ թիկնով մեծադիր, բազուկներով առնագեղ՝

Որոնց միջեւ կը սիրեն կիներն իբր օ՜ձ գեղածալ

Բիւր ձեւերով գալարուիլ ու ծուարիլ ու տաքնալ։

   Հիմա ալ տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս նկարագրուած է հարճին կանացիութիւնը.

Օ՜ այդ իրանը ճապուկ ելեւէջովն ստինքին՝

Որոնց մէջ կաթն իսկ կ’եռայ յուզումներէն սաստկագին.

Օ՜ թեւերն իր լուսածղի՝ օձերու պէս պարարակ

Կարծես երկար կրթուած կախարդ սրինգով ներդաշնակ.

Եւ զիստերն իր սարսռագեղ, գէր երաստանը շամբոյշ.

Եւ բոլորին իբր առանցք մէջքն ուռիի պէս քնքուշ՝

Որուն շուրջ մարդ պիտ’ ուզէր բաղեղի նման փաթթուիլ,

Եւ վերջապէս հիւթասպառ բաղեղի նման թառամիլ։

   Հոգեկան արբեցում ու խոր հիացում պատճառող այս պոէմին գրաբար բառերը այնքան առատ են՝ որ ընթերցողը ինքզինք կը զգայ…հեթանոսական շրջանին մէջ։ Կու տամ դժուարիմաց բառերուն իմաստը.- շմոր՝ խռովք, աստղայեռ՝ աստղազարդ, անարդիլ՝ հսկայաձեւ, ճօշան՝ կրծքազրահ, կոհակ՝ ալիք, ծուարիլ՝ կծկուիլ, իրան՝ մարմին, ճապուկ՝ դիւրաթեք, լուսածղի՝ լուսաթեւ, պարարակ՝ փափուկ, զիստ՝ ազդր (ոտքի վերի մասը), երաստան՝ կոնք, շամբոյշ՝ վավաշոտ, բաղեղ՝մագլցող բոյս։

   Պիտի նկատուի անշուշտ, որ Վարուժանի լեզուն լի է մեզի համար խորթ ու գրեթէ անօգտագործելի բազմաթիւ բառերով եւ ասութիւններով։ Իր ապրած շրջանին եւս՝ ոմանք «գրաբարախառն» կը գտնէին բանաստեղծին լեզուն։ Այո՛։ Վարուժան լաւապէ՛ս կը տիրապետէր գրաբարին ու կը սիրէր օգտուիլ անոր ճոխութենէն, արդիւնք՝ Մխիթարեաններու շունչին տակ իր ստացած դաստիարակութեան։ Կրնա՞ր ազդուած չըլլալ Ալիշանէն  ու Բագրատունիէն։ Ոմանք նոյնիսկ կը պնդեն, թէ Վարուժան պիտի չկարենար գրել իր «Հարճը», եթէ Բագրատունին գրած չըլլար իր «Հայկ Դիւցազն»ը…։

   Անուրանալի է սակայն, որ Վարուժան կենդանութեան շունչ մը կու տար գրաբար մեծաթիւ բառերու՝ կարելիութիւն ստեղծելով որ անոնք հետագային գործածական դառնային աշխարհաբարի մէջ ալ։ Յետոյ, ածանցումի ու բարդութեան քերականական օրէնքներուն կիրարկումով՝ ան կը ճոխացնէր մեր մայրենին նորակերտ բառերով.- կարմրաշռայլ, հեշտաբուռն, ցրտասարսուռ, գեհենամռունչ եւ այլն, եւ այլն։

   Զարմանալի է սակայն։ Իր արտակարգ տաղանդին բովանդակ ուժով ու արուեստագէտի անսակարկելի արժանիքներով իսկ՝ Վարուժան չկրցաւ գոհացում տալ ամէն ճաշակի ու քիմքի։ Դժգոհ թողուց ոմանք։

   Այդ դժգոհներէն մին ալ Վենետիկի իր երբեմնի ուսուցիչներէն Հ. Յովհան Աւգերեանն էր (յետոյ՝ ընդհ. աբբահայր Ս. Ղազարու Մխիթարեանց), որ արդէն Մուրատ-Ռափայէլեանի օրերէն իսկ՝ պատանի Վարուժանին հանդէպ անբարեացակամ էր եղած։ Հիմա, «Բազմավէպ»ի մէջ ան իր ցասումը կ’արտայայտէր «Հեթանոս Երգեր»ուն նկատմամբ ու կը գրէր.

   – Հեթանոս են այդ երգերը, եւ հեթանոս՝ ո՛չ հռոմէական պերճութեամբ, ո՛չ յունական փափկութեամբ, այլ լոկ բաբելական պղծութեամբ։ Ոչ մէկ սրբութիւն, ոչ մէկ նուիրական զգացում յարգուած է հոն. հոն Վարուժան մոռցած է բոլորովին ինքզինքը, մոռցած է ընտանեկան սրբութիւն մ’ունենալը, մոռցած է ձեռքին յանձնուած գողտր հրեշտակային սրտեր ունենալը։ Եւ Վարուժանհիմա բերանալիր կ’ըմպէ Տոն Ժուանի մը ցեխոտ եւ գայռոտ (=կեղտոտ) գարշութիւնքը։ (Օգոստոս, 1913)։

   Հ. Աւգեր իր յօդուածին վերջաւորութեան կը մաղթէր, որ Վարուժան զգաստանար, անդրադառնար իր սայթաքումներուն եւ մաքրաջրէր իր գիրքը՝ անկէ դուրս նետելով «աղբիւս»ի արժանի էջերը…։

*

   Վարուժանի «Հեթանոս Երգեր»ը անակնկալ մը կ’ընէր իր ընթերցողներուն՝ գիրքին երրորդ ու վերջին բաժինը, մեծաւ մասամբ, յատկացնելով այնպիսի բանաստեղծութիւններու, որոնք իրենց միջուկով ու մթնոլորտով կը հակադրուէին հեթանոս աշխարհի ՀԱՃՈՅԱՒԷՏ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։ Անցում մըն էր ասիկա՝ հեթանոս բարքերու կենսասէր ու շուայտ աշխարհէն դէպի ժամանակակից աշխարհ, ուր գերիշխողը ՏԱՌԱՊԱՆՔՆ է՝ ի հետեւումն բարոյական եւ ընկերային արժէքներու անկումին։

   Թախիծ ու մռայլ տրամադրութիւն մը կը սաւառնի այս բաժնին վերեւ։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ, հաւանաբար, բանաստեղծը իր հատորին այս գլուխը կոչած է «Գողգոթայի Ծաղիկներ»։

   Գողգոթա՜…։ Քրիստոսի խաչելութեան բլուրը, հոմանիշ՝ չարչարանքի ու տառապանքի։

   Հոյակապ հիւսքով քերթուածներու երկար շարք մը կայ հո՛ս եւս։ Կը տողանցեն մարդկային տիպարներ, որոնք դառն ու ճակատագրական հարուածներ ստացեր են կեանքի քառուղիներուն վրայ։ «Բանուորուհին», «Սպասում», «Ընկեցիկը», «Մեռնող Բանուոր», «Խաբուած Կոյսեր», «Մեքենաները», «Մամուս Աղօթքը» շա՛տ բան կը պատմեն մեզի  20-րդ դարու մարդ-քաղաքացիին ընկերային տագնապներէն, շահագործողներո՛ւ եւ շահագործուողներո՛ւ կեանքէն։ Վարուժան համոզուած է, որ բոլոր դարերու դրամատէրերն ու իշխանաւորները իրենց դղեակներուն ոսկեայ պատերուն քարն ու կիրը  «ռամիկ ուժ»ին արիւնով են շաղախեր։ Կը բաւէ կարդալ գործատան մը բանուորներուն ձօնուած «Դադար» բանաստեղծութեան սա քանի մը տողը.

 

Հարիւր հազա՛ր են անոնք. բանակներ են զոհերու՝

Զոր կը տանին միշտ Ոսկեայ Հորթին առջեւ մորթելու.

…………………………………………………………..

Հարիւր հազա՜ր են անոնք. անոնք են որ կանգնեցին

Անմահութիւնն բուրգերուն, եւ խորհուրդներն սփինքսին։

Կմախնին, մարմար առ մարմար, սանդուխ եղաւ գահերուն՝

Ուրկէ Դենպետն ու Արքան ելան մինչեւ աստղերուն.

Մինչեւ այսօր, հիմին տակ պալատներուն, կը գտնես

Շուշանն անոնց կրծոսկրին, անբաւ սրտերն ողջակէզ։

Անոնց արեան շաղա՛խն են պատերը մռայլ Եըլտըզին.

Վատիկանի կամարներն, հողաթափերը Պապին

Անոնց լուսեղ քրտինքին մարգրիտներով են ծեփուած.

 

   Ինչպէս կը տեսնուի՝ Եըլտըզն ու Վատիկանն ալ զերծ չեն մնացած Վարուժանի կծու ակնարկութենէն…

   Այս բաժինը ունի նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնք ազգային երանգ մը կը մատնեն։ Զորօրինակ, «Պատգամաւորներս»ը մէկն է անոնցմէ։ Երեք էջանի այս գեղահիւս ու սրտագրաւ քերթուածը ձօնուած է Մետեխի (ԹիՖլիս) բանտին մէջ արգելափակուած Աւետիս Ահարոնեանի։ Վարուժան եղբայրօրէն կը զօրակցի  իր գաղափարակից գրչեղբօր, Պոլսէն տաքուկ ողջոյններ կը յղէ անոր՝ իր թռչող, ճախրող «պատգամաւորներ»ուն միջոցաւ.- ծիծեռնակ մը, յետոյ կռունկ մը, ապա արագիլ մը, հուսկ՝ բազէ մը։

Լեւոն Շառոյեան
(Վերջ)
Հալէպ