Յաճախ, երբ կը դիտենք Ս. Ծննդեան մսուրին պատկերը, կը նկատենք Յիսուս Մանուկը պատուած ճերմակ խանձարուրով ու ակամայ կը մտածենք, որ եթէ մեր օրերուն ըլլար, վստահ որ այդ խանձարուրը պիտի ըլլար կապոյտ։ Երկար տարիներէ ի վեր մեր ըմբռնումին մէջ կայուն տեղ գրաւած է նորածին երեխային զգեստները, խաղալիքներն ու զանազան գոյքերը անոր սեռին համեմատ գունաւորել. աղջիկներուն՝ վարդագոյն, իսկ տղոց՝ կապոյտ։ Աւելին՝ վարդագոյնը հետըզհետէ իգականութիւն, իսկ կապոյտը առնականութիւն ներկայացնող խորհրդանիշներ եղան։ Որքան այսօր մեզի համար տարօրինակ թուի, ժամանակին կապո՛յտը կը նկատուէր իգական գոյն, իսկ վարդագոյնը առնականութեան խորհրդանիշ էր։

Գոյներու բաժանումը լաւապէս հասկնալու համար, եկէք պտոյտ մը կատարենք պատմութեան էջերուն մէջ եւ երթանք այն ժամանակները, երբ գոյները երեխային սեռը չէին խորհրդանշեր։ Ըստ «Վարդագոյն Թէ Կապոյտ» գիրքի հեղինակ, ամերիկեան Մերիլանտ համալսարանի դասախօս դոկտ. Ճօ Պ. Փաոլէթթիի, ժամանակին ո՛չ վարդագոյնը, ոչ ալ կապոյտը կ’օգտագործուէին որպէս սեռերը իրարմէ զանազանող գոյներ։ Հին ժամանակներուն, երեխաներուն միջեւ սեռային խտրականութիւն գրեթէ չկար, տարածուած էին միագոյն ու նման տարազներ։ Արու թէ էգ, բոլոր երեխաները կը հագնէին ճերմակ զգեստներ։

Աղջիկներն ու տղաքը հաւասարապէս կը հագնէին երկար փէշով հագուստներ, իսկ ճերմակը նախընտրուած գոյնն էր, որովհետեւ լուալը դիւրին էր եւ օճառին կողքին, կարելի էր օգտագործել ճերմկցնող նիւթեր։ Երեխաները կրնային հագնիլ գունաւոր եւ սեռը բնորոշող զգեստներ միայն վեց տարեկանէն ետք։

Փաոլեթթիի ուսումնասիրութեան համաձայն, գոյները սեռերու տարբերութեամբ բաժնելը առաջին անգամ սկսած է 19-րդ դարու կէսերուն, երբ բաց, փասթէլ գոյները սկսած են առնչուիլ երեխաներու զգեստներուն հետ։ Տասնամեակներ ետք, կապոյտն ու վարդագոյնը սկսան առնչուիլ սեռերու հետ, բայց ոչ այսօրուան մեր հասկացութեամբ, այլ անոր ճիշդ հակառակը։ Այս երեւոյթին մէկ նմոյշը կարելի է գտնել 1918-ի ամերիկեան նորաձեւութեան մէկ պարբերաթերթին մէջ, ուր մայրերուն կը թելադրուի. «Ընդունուած օրէնք է, որ վարդագոյնը տղոց, իսկ կապոյտը աղջիկներուն յատկացուած գոյն է»։

Այս երեւոյթը բացատրող զանազան տեսութիւններ կան, սակայն ընդհանրացած կարծիք է, որ կապոյտը առնչուած է աղջիկներու հետ, ներշնչուելով Մարիամ Աստուածածնի կապոյտ զգեստէն։ Իսկ վարդագոյնը յատկացուած է տղոց, նկատի առնելով, որ ան կարմիրի երանգներէն է եւ կարմիրը կը նկատուէր զօրաւոր, առնական գոյն։ Այս տեսակէտը հանրութեան ներկայացուցած է գոյներու մասնագէտ Կեւին Էվընզ, որ բացայայտած է, թէ 19-րդ դարու վերջին, 20-րդ դարու սկիզբը մայրերուն կը թելադ-րուէր իրենց տղոց հագցնել վարդագոյն զգեստներ, որպէսզի շեշտուի անոնց առնականութիւնը կեանքի ընթացքին, իսկ աղջիկներուն պէտք է հագցնել իգականութիւն ու անմեղութիւն ներշնչող կապոյտով։

Տարօրինակ կերպով, Համաշխարհային Բ. Պատերազմի նախօրեակին, կացութիւնը կտրականապէս կը փոխուի։ Յանկարծ եւ անբացատրելի պատճառներով վարդագոյնը կը սկսի երեւնալ նորաձեւութեան պարբերաթերթերուն մէջ որպէս իգականութեան խորհրդանիշ։ Հետզհետէ երկու գոյներուն միջեւ վիհը սկսաւ լայննալ եւ զգեստներէն անցաւ երեխաներու խաղալիքներուն, սեղանի սպասներուն, մահիճներուն, կառքերուն ու կեանքի բոլոր մանրամասնութիւններուն։

Այսօր, յատկապէս Արեւմուտքի երկիրներուն մէջ, ծնողներ կը փորձեն կոտրել սեռերու առնչուած կարծրատիպերը եւ վերջ տալ վարդագոյն-կապոյտ հակասութեան։ Նորաձեւութիւնները ժամանակի ընթացքին կրնան փոխուիլ, իրենց հետ բերելով տարբեր հասկացութիւններու փոփոխութիւններ։ Կապոյտ ու վարդագոյն գոյներուն ոդիսականը ամէնէն ցայտուն օրինակն է, թէ ինչպէ՛ս եւ որքա՛ն արագ կրնան փոխուիլ մեր ըմբռնումները։