ՏԵՂԱԿԱՆ

ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

– ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբի նախկին մարզիչ Ալաա Ճուխաճի Հալէպի մարզական կոմիտէի նախագահ ընտրուեցաւ:

– Սուրիոյ տղոց պասքեթի հանրապետական բաժակի աւարտական քառեակի փուլ հասան Իթթիհատ, Ճալաա, Ուահտէ եւ Ուասպէ խումբերը: Սոյն փուլին Իթթիհատին մրցակիցը պիտի դառնայ ճալաաը, իսկ Դամասկոսի Ուահտէն պիտի մրցի Ուասպէին հետ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ 

ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՈՍԿԻ, ԻՍԿ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱԼՆԵՐ ՇԱՀԵՑԱՆ

Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամներ՝ Կոր Մինասեան եւ Ռուբէն Ալեքսանեան ծանրամարտի համաշխարհային մրցումներուն անգամ մը եւս յաջողեցան մետալներ ստանալ:  Հայաստանի հաւաքականի մարզիկները Քաթարի մէջ  ընթացող տարուան վերջին մրցաշարքին, արձանագրեցին տպաւորիչ արդիւնքներ։ Կոր Մինասեան երկամարտին աւարտին 424 քկ. արդիւնքով դարձաւ յաղթական եւ արժանացաւ ոսկի մետալի,  իսկ Ռուբէն Ալեքսանեան 416 քկ.  արդիւնքով դարձաւ արծաթէ մետալակիր:

ԱՐՄԷՆ ՄԵԼԻՔԲԷԿԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԱՇՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

Անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան Հայաստանի Ֆութպոլի Կոմիտէին ընտրութիւնները, որոնց աւարտին նախագահ ընտրուեցաւ Արմէն Մելիքբէկեան: Ընդհանուր ընտրութիւններու աւարտին դաշնութեան (ֆետերասիոնի) կազմը կրեց հետեւեալ պատկերը: Հրաչիկ Աղաբէկեան, Գագիկ Աղբալեան,Գիմ Առաքելեան, Բագրատ Նաւոյեան, Հրաչ Եական, Պօղոս Գալստեան, Տիգրան Յակոբեան, Արէն Մկրտիչեան, Կարէն Շապոյեան, Արմէն Շահքելթեան, Հայկ Ղազազեան, Արմէն  Նիկողոսեան, Ալպէր Սարգսեան ,Արթուր Սահակեան,Աննա Թադէոսեան, Յասմիկ Ղարիպեան: Աւել-ցնենք, որ Արմէն Մելիքբէկեան Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնակցութեան 6-րդ նախագահն է:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ԳԱՐԼՕ ԱՆՇԵԼՈԹԻ ԷՎԸՐԹՈՆԻ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ 

Իտալիոյ Նափոլիի նախկին գլխաւոր մարզիչ Գարլօ Անշելոթի նշանակուեցաւ անգլիական Էվըրթոնի գլխաւոր մարզիչ. Սոյն յայտարարութիւնը պաշտօնապէս հաղորդեց անգլիական ակումբի պաշտօնական կայքէջը: 60 տարեկան մարզիչը էվըրթոնին հետ ստորագրեց չորս ու կէս տարուան պայմանագիր: Յիշեցնենք, որ Անշելոթի Նափոլիի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հեռացուեցաւ 11 Դեկտեմբերին: Ան նախապէս մարզած է Միլան, Չելսի, Ռէալ, Պայերն Միւնիխ  եւ Փարիզ Սան Ժերման խումբերը:

ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԱԿԻՐ

Քաթարի Տաուհա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի համաշխարհային ակումբներու աւարտական մրցումին, Անգլիոյ Լիվըրփուլի կազմը պարտութեան մատնեց Պրազիլի ախոյեան Ֆլամենկօն եւ ձեռք ձգեց համաշխարհային բաժակը: Հանդիպումի գլխաւոր ժամանակաշրջանը 0 – 0 հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, խումբերը դիմեցին յաւելեալ ժամու խաղարկութեան: 99-րդ վայրկեանին, Ռոպերթօ Ֆերմինիօն յաջողեցաւ ցնցել մրցակիցին դարպասը եւ յաղթանակը նուիրել Երկէն Կլոփի խումբին: Աւելցնենք, որ երկրորդ կիսախաղին Լիվըրփուլի խաղացող Ալեքս Օքսիլտ վիրաւորուեցաւ եւ դուրս եկաւ դաշտէն:

ՄԱՅՔԼ ԱՐԹԻԹԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՐՍԵՆԱԼԻ ՄԱՐԶԻՉ

Անգլիոյ Արսենալ ակումբի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս ներկայացուց  խումբի նորանշանակ մարզիչ Մայքլ Արթիթան, որ փոխարինեց կազմէն հեռացուած մարզիչ Օնայ Էմէրին: 2018-ի ամրան, Արթիթային պիտի վստա- հուէր սոյն պաշտօնը, սակայն վերջին վայրկեանին, պատասխանատու կազմը զայն վստահեցաւ Էմէրիին: Ըստ դիմատետրի մէջ յի- շուած տեղեկութիւններուն, նորանշանակ մարզիչին պայմանագրութեան ժամանակաշրջանը երեք ու կէս տարի է: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան ըսաւ. «Պատիւ ունիմ այսպիսի մեծ ակումբի մը մարզիչի պաշտօնը ստանձնելուս համար: Մենք պէտք է մրցակիցը ըլլանք բոլոր խումբերուն: Ճիշդ է որ համաշխարհային աղիւսակին վրայ մեր դիրքը գոհացուցիչ չէ, բայց ես վստահութիւն ունիմ կազմի խաղացողներուն վրայ: Անոնք կրնան իրենց լաւագոյնը ներկայացնել»:

Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան