«Արմէնփրէս»._Հոլանտայի կառավարութիւնը Հայաստանը ներառած է ճամբորդութեան համար ապահով երկիրներու ցանկին մէջ, դիտել տալով որ սա նոր կարելիութիւններ կ’ընձեռնէ հոլանտացի զբօսաշրջիկներուն՝ Հայաստան այցելութիւնները խթանելու համար։ Հոլանտայի ՀՀ դեսպանութեան դիմատետրի էջին մէջ գրուած է.
«Ապահով երկիրներու ցանկը կը կազմուի Հոլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, Արդարադատութեան եւ Անվտանգութեան Նախարարութեան, ինչպէս նաեւ այլ գերատեսչութիւններու, հետազօտութիւններուն եւ արժեւորումներուն հիման վրայ»։