Երէկ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ցաւակցական հեռագիր յղեց իրանեան իսլամական յեղափոխութեան ղեկավար Այաթուլլահ ալ Ուզմա իմամ Ալի Խամինաաիի, Իրանեան դիմադրութեան ղեկավարներէն Քասէմ Սիւլէյմանիի մահուան առիթով։ Հեռագիրին մէջ ըսուած էր. «Սիւլէյմանիի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ Սուրիոյ ժողովուրդին յիշողութեան մէջ։ Սիւլէյմանի սուրիական բանակին կողքին պաշտպան հանդիսացաւ Սուրիոյ եւ յաղթանակ արձանագրեց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ»։
Ամերիկեան վարչակազմին Սիւլէյմանին սպանելը ոճիր մըն էր։ ԱՄՆ այս արարքով կրկին ցուցաբերեց ահաբեկչութեան իր զօրակցութիւնը եւ ողջ տարածաշրջանին մէջ ահ ու սարսափ ստեղծելու եւ խաղաղութիւնը արհամարհելու իր մօտեցումը»։