ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութեամբ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է վերջին շրջանին Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն գծով եւ յայտնած է, որ Հայաստան հանդէս կու գայ բացառապէս խաղաղ միջոցներով հարցերու լուծման դիրքերէ։
Յայտարարութեան մեջ ըսուած է. «Խորապէս մտահոգուած ենք վերջին շրջանին Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւներով, որոնք յանգած են նաեւ մարդկային զոհերու: Անոնք կրնան առաւել վտանգել տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ ապակայունացնել իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ դուրս: Հայաստանը հանդէս կու գայ բացառապէս խաղաղ միջոցներով իրադրութեան լիցքաթափման դիրքերէ:

Հայաստան պիտի շարունակէ սերտօրէն գործակցիլ իր բոլոր գործընկերներուն հետ՝ ի շահ տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան»: