Երկուշաբթի 6 Յունուար 2020-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւններ ընդունեց Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, ներկայութեամբ՝ Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներուն, Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան Տիար Ժիրայր Րէիսեանի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի ներկայացուցիչներուն:

Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին, հեռաձայնային կապով Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորութիւններ փոխանցեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Մուֆթին: Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս, Սրբազան Հօր այցելեցին Հալէպի բարձրաստիճան պետական, ապահովական եւ կրօնական պատասխանատուներ՝ Հալէպի Նահանգապետը, Փոխ Ոստիկանապետը, Քաղաքապետը, Նահանգային Խորհուրդի Նախագահն ու անդամները, «Պաաս»ի Կուսակցապետը, Սուրիոյ Խորհրդարանի Հալէպի Պատգամաւորական խումբը, ճարտարարուեստի, առեւտրական եւ զբօսաշրջութեան գրասենեակներու տնօրէնները, Կրօնական Կալուածներու տնօրէնը, Հալէպի Մուֆթին, Հանրապետութեան Մուֆթիի Խորհրդատուն, Հալէպի Պետական համալսարանի տնօրէնը եւ Հալէպի Կրթական Տնօրէնը:
Սրբազան Հօր այցելեցին նաեւ Հալէպի բոլոր քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը, բարեսիրական հաստատութիւններու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական Միութիւններու ներկայացուցիչները։

Այցելուները իրենց ջերմագին շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Թեմի ժողովականութեան, մաղթելով խաղաղ եւ բարգաւաճ օրեր սուրիական օրհնեալ հայրենիքէն ներս: