6 Յունուարին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հանդիսաւորապէս կը յիշատակէ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:
Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հանդիսապետեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը եւ Սուրբ Ծննդեան պատգամը փոխանցեց:

Պատարագին ներկայ էին Պատկան Մարմինը, Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան Տիար Ժիրայր Րէիսեանը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամները, ինչպէս նաեւ հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական Միութիւններու եւ Հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:

Հանդիսաւոր թափօրով եկեղեցի մուտք գործեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Տօնական խանդավառութեամբ եւ հոգեպարար երգեցողութեամբ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը:
Յընթացս Սուրբ Պատարագին, Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ: Սրբազան Հայրը սուրբ Խաչով, սուրբ Աւետարանով եւ սրբալոյս Միւռոնով օրհնեց ջուրը: Կնքահայրն էր փոքրիկն՝ Մանօ Պաթուգ:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց Սուրբ Ծննդեան պատգամը, բնաբան ունենալով Եսայի Մարգարէութեան հետեւեալ համարը,- «Եկէ՛ք, Տիրոջ լոյսով քալենք» (Ես 2.5): Պարզաբանելով Տիրոջ լոյսին զօրութիւնը Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Աստուած մարդը կատարեալ ստեղծեց, սակայն մարդը ընտրեց երեւելի գեղեցկութիւնները եւ մերժեց այն գեղեցկութիւնը, զոր կարելի չէր տեսնել շօշափելի աչքերով: Հետեւաբար, Սրբազան Հայրը շեշտեց ըսելով. «Քրիստոս երկինքէն իջաւ բանալու մեր աչքերը եւ ցոյց տալու մեզի, թէ այդ գեղեցկութիւններէն անդին կան այլ գեղեցկութիւններ՝ հոգեւոր, բարոյական, աստուածային ազնուական արժէքներ, որոնցմով մարդը պէտք էր ապրեր իր կեանքը, յարգելով աստուածային պատուիրանները եւ քալելով լոյսի ճանապարհէն»:
Լուսարձակի տակ առնելով հայ ժողովուրդի հաւատքի կեանքը եւ սուրիահայուն տոկուն կամքը Սրբազան Հայրը հաստատեց.«Մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ իր արիւնով եւ նահատակութեամբ պայքարեցաւ , պատերազմեցաւ, խաչը կրեց եւ խաչով պաշտպանեց իր հայրենիքն ու քրիստոնէական հաւատքը: Նոյնպէս ապրեցաւ նաեւ սուրիահայը անցնող տարիներու ընթացքին: Հակառակ խաւարին, լոյսի մէջ ապրեցաւ, լոյսը ընտրեց եւ հազար փառք Աստուծոյ՝ պատերազմի տարիներէն ետք ահաւասիկ լոյսի մէջ կ’ապրինք»:
«Օտար պետութիւններ ուզեցին, որ Սուրիան ապրի խաւարի մէջ, սակայն սուրիացի ժողովուրդը՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ միասնաբար պայքարեցան, որ այդ լոյսը վառ մնայ, շնորհիւ ժողովուրդի խոր հաւատքին, զոհողութեան եւ համբերութեան»:

Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին սուրիական հայրենիքէն ներս խաղաղութեան հաստատման համար, շնորհիւ երկրի իմաստուն Նախագահ Տոքթ. Պաշար ալ Ասատին եւ սուրիական բանակին, եւ աղօթեց, որ Աստուած պահպանէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը եւ Սուրիական Հանրապետութիւնը իր նախագահով, բանակով եւ ժողովուրդով:

Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան օրհնաբեր տօներուն առիթով Սրբազան Հայրը իր որդիական անվերապահ սէրը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որուն հովուապետական այցելութեամբ եւ սրբազան Աջի օծումով սրբագործուեցաւ Մայր եկեղեցին:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ Դպրաց Դասն ու Հոգեւորականաց դասը հանդիսաւոր թափօր կազմած ուղղուեցան դէպի Ազգ. Առաջնորդարան, որուն դրան առջեւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի խանդավառ նուագակցութեամբ ներկաները ոգեւորուեցան:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս պետական, ապահովական եւ կրօնական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, քոյր յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու եւ հաւատացեալներու Սուրբ Ծննդեան տօնի շնորհաւորութիւնները ընդունեց:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի: Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս: