Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ի առաւօտուն, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով։

Պատարագը մատուցեց եւ Օրուան խորհուրդն ու պատգամը ուղղեց Հալէպէն այս առիթով ժամանած արժանապահիւ Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան։

Յընթացս Ս. Պատարագին տեղի ունեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող Ջրօրհնէքը, ապա օրհնուած ջուրը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Յիշենք, որ պատարագը սփռեցին սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանները, որոնց հետ արժանապատիւ քահանայ հայրը տեսակցութիւն ունեցաւ յայտնելով, որ Մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի գալուստը աշխարհի փրկութեան եւ խաղաղութեան, սիրոյ եւ համերաշխութեան խորհրդանիշն է, ապա քահանայ հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու բարի մաղթանքները ուղղեց Սուրիական Հայրենիքին, անոր հզօր բանակին եւ նախագահ Պաշար ալ Ասատին։