Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ի յետմիջօրէին, Գամիշլիի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան շնորհաւորութիւններ ընդունեց։
Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը եւ հայր սուրբին վարդապետական աստիճան ստանալը շնորհաւորելու եկած էին Գամիշլիի քաղաքապետը եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ։
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչները։
Հանդիպումի ընթացքին եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ արծարծուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող զանազան հարցեր, որուն աւարտին հոգեշնորհ հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար, մաղթելով, որ 2020 տարին ըլլայ բարեբեր տարի Սուրիական Հայրենիքին եւ ամրագրուի յաղթական երթը սուրիական բանակին՝ վսեմաշուք նախագահ Պաշար ալ Ասատի խոհեմ ղեկավարութեամբ։