Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2020-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ ըսաւ. «Սուրիա կը հաստատէ Իրանի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը ԱՄՆ-ի յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն դէմ, հաստատելով, որ ԱՄՆ պէտք է այլ երկիրներուն դէմ ունեցած իր թշնամական վարքագծին վերջ տայ եւ դադրեցնէ անոնց պարտադրած իր բռնատիրութիւնը»:
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ նաեւ որ. «Սուրիա զօրավիգ կը կանգնի Իրանի բարեկամ եւ եղբայր ժողովուրդին ու ղեկավարութեան եւ կը հաստատէ ԱՄՆ-ի դէմ Իրանի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը»: